Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Եունուս Տեմիրեր

Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Եունուս Տեմիրեր կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր յայտնած են, որ իրաքեան իշխանութիւնները անհանգստացած են Պասրայի եւ Մուսուլի մէջ թրքական հիւպատոսարաններու գործունէութենէն:

Տեմիրեր Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է դրացի երկիրներու յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Ուալիտ Համիտ Շիլթաղիի հետ, որ իրեն յայտնած է, որ այդ երկու հիւպատոսարաններուն գործունէութեան բնոյթը կը մտահոգէ Իրաքի իշխանութիւնները:

Շիլթաղի յայտնած է, որ իրաքեան իշխանութիւնները կ՛ուզեն, որ թրքական այդ հիւպատոսարանները ծառայեն երկու դրացի երկիրներու յարաբերութեանց բարելաւման: Դեսպան Տեմիրեր իր կարգին արդարացած է ըսելով, որ Թուրքիա ե՛ւ յարաբերութիւններու զարգացման կողմնակից է, ե՛ւ իրենք այդ յարաբերութիւնները խանգարելու նպատակ չեն ունեցած:

Share this Article
CATEGORIES