Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետ Ժան Մարք Այրոյի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի:
Հարիրի յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն` նշելով, որ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ ֆրանսական զօրակցութիւնը առիթ կու տայ արդարութեան յաղթանակին եւ կը կանխարգիլէ ոճիրներ գործելու հաւանականութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Պոլսոյ մէջ քաղաքական համաշխարհային խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին արաբները պիտի փաստեն, որ իսլամութիւնը կրնայ ներդաշնակ ըլլալ ժողովրդավարութեան հետ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ խաղաղ եւ պատասխանատու երկխօսութիւնը տագնապներէ դուրս գալու միակ միջոցն է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատական իշխանութիւններուն եւ պատկան բոլոր մարմիններուն առիթ տուաւ մինչեւ յառաջիկայ յուլիս` լուծելու իսլամական արգելափակեալներուն թղթածրարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Թրիփոլիի զինեալներուն ապազինումը քաղաքական որոշումի կը կարօտի: Ան աւելցուց, որ Թրիփոլիի մէջ տագնապն ու ճակատները դիտումնաւոր կերպով հրահրուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութիւնն ու Ղովմի կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցան այն իրականութեան համար, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումն ու ամրապնդումը անհրաժեշտ է:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ հիմնական պատասխանատուութիւնը երկրին ապահովական հիմքերուն ամրապնդման մէջ կը կայանայ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ արաբական հողերուն վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները դրական կարելի չէ նկատել եւ այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է մեր շարքերը միասնականացնել` դիմագրաւել կարենալու համար մեզի սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ինք այն տպաւորութիւնը ստացած է, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման թիրախ կը նկատուի Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական իր այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ հասաւ Միսուրիի Սենթ Լուիս քաղաքը, ուր նախագահեց օրուան պատարագին եւ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը քահանաներու եւ գաղութին զաւակներուն հետ:

