Բանակը Այն Հելուէի Մէջ Կը Գրաւէ Զէնք Փոխադրող Ինքնաշարժ Մը
Լիբանանեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն յանցագործներու փախուստին կապակցութեամբ լիբանանեան բանակին միաւորները խստացուցին գաղթակայանին շուրջ իրենց որդեգրած ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ անցարգելներ զետեղեցին Այն Հելուէի մօտակայ շրջաններուն մէջ:
Այս միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք բանակը կրցաւ գրաւել զէնք փոխադրող ինքնաշարժ մը, որ կ՛ուղղուէր դէպի լիբանանեան այլ շրջան մը, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց այդ ինքնաշարժին վարորդը:
Բանակին հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ իր անցարգելներէն անցած է նաեւ այլ ինքնաշարժ մը, որ մերժած է կանգ առնել եւ որմէ կրակ բացուած է զինուորներուն դէմ` սպաննելով անոնցմէ մէկը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ այդ ինքնաշարժը եւս եղած է զէնք ու զինամթերք փոխադրող ինքնաշարժ մը, եւ այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուած է:
Միւս կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ լիբանաեան բանակը Աքքարի ճամբուն վրայ որդեգրած է ապահովական շարք մը միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ զետեղած է շարք մը անցարգելներ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

