Սաքր Կը Մերժէ Ազատ Արձակել Մաուլաուին Եւ Կը Պահանջէ Դատավարութեան Նոր Նիստ Մը Ճշդել
Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած Շատի Մաուլաուիի թղթածրարը եւ զայն ազատ արձակելու առումով պատրաստուած պահանջը երէկ անգամ մը եւս ուսումնասիրուեցան զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Սաքըր Սաքըրի կողմէ:
Սաքըր այդ թղթածրարը վերադարձուց դատաւոր Նեպիլ Ուեհպէի եւ պահանջեց դատավարութեան նոր նիստ մը ճշդել յառաջիկայ երեքշաբթի օր:
Նշենք, որ այս որոշումէն ետք Մաուլաուիի զօրակիցները ուղղուեցան Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակ եւ հաստատեցին Մաուլաուիի նեցուկ կանգնելու իրենց վճռակամութիւնը:
Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ իրենք ալեւի համայնքին դէմ լարուած չեն եւ հարց չունին անոր հետ, այլ իրենց հարցը սուրիական վարչակարգին հետ է:
Ցուցարարները սպառնացին Լիբանանի բոլոր հրապարակներուն վրայ ցոյցեր կազմակերպել` Շատի Մաուլաուին արգելափակուած պահելու պարագային:
Միւֆթի Շաար
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար յայտնեց, որ ինք կրօնական հրահանգ մը արձակած է, որուն հիման վրայ նոյն երկրին զաւակներուն դէմ զէնք բարձրացնելը մեղք նկատած է:
Միւֆթի Շաար յայտնեց, որ ինք Թրիփոլիի կացութեամբ մտահոգ չէ` մաղթելով, որ լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ պահէ կացութիւնը: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ հարցերը բարդացնել եւ պէտք է կառչած մնալ դատական իշխանութիւններուն որոշումներուն:

