Միքաթի – Խէյրէտտին` Հանդիպում

Խէյրէտտին եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Խէյրէտտին շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի խոստացած է յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախարարներուն յանձնել 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրի նախագիծէն օրինակներ:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Մարուան Համատէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, որ վարչապետին հետ քննարկեց Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES