Ժաաֆարի Սուրիոյ Անունով Նամակ Մը Կը Յանձնէ Պան Քի Մունի
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի երէկ Սուրիոյ անունով նամակ մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, որուն մէջ ան նշեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան կարգ մը շրջաններ եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանները վերածուած են Քայիտայի եւ Իսլամ եղբայրներու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներուն թաքստոցներուն:
Ժաաֆարի նշեց, որ այդ կազմակերպութիւններուն անդամ ահաբեկիչներն են, որոնք Սուրիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը կը խախտեն, ինչպէս նաեւ կը ջանան սահմանափակել եւ ձախողեցնել Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութիւնը:
Ժաաֆարի հաստատեց, որ 13 մարտ 2012-ին Ժունիէի նաւահանգիստ հասած է զէնք ու զինամթերք փոխադրող նաւ մը, որուն զէնքերն ու զինամթերքը նաւակներով փոխադրուած են ցամաք` Սուրիա ուղարկուելու նպատակով:
Ան հաստատեց նաեւ, որ զէնք փոխադրող այլ նաւեր խարիսխներ նետած են նաեւ Ժունիէի Աքուա Մարինա նաւահանգիստը, եւ անոնց փոխադրած զէնքը աւելի ուշ ուղարկուած է Աքքար եւ ապա Ուատի Խալետ, որպէսզի աւելի ուշ հասնի Սուրիա:
Ժաաֆարիի նամակին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ վերջերս Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ հասած է Լիբանան եւ աշխատած է լիբանանեան հողերուն վրայ արգիլեալ գօտի մը ստեղծել:
Ժաաֆարիի ներկայացուցած նամակին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ կան բազմաթիւ ահաբեկիչներ, որոնք դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգած են, ինչպէս նաեւ փոխադրուած են Սուրիա, ուր ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած են:
Սուրիական նամակին մէջ շեշտուեցաւ, որ Թրիփոլիի Քալամուն շրջանին մէջ կան 50 ահաբեկիչներ, որոնք կը գործեն Խալետ Թանքի, Խալետ Համզայի եւ Զաքարիա Ղալեպ Խաուլիի ղեկավարութեամբ: Ժաաֆարի յայտնեց, որ այս անհատները ունին ՄԱԿ-ի յատուկ անդամաքարտեր եւ զանոնք կ՛օգտագործեն լիբանանեան բանակին անցարգելները անցնելու համար ու Սուրիոյ դէմ բռնարարքներ կը գործեն` Թրիփոլիէն, Տըննիէի շրջանէն, Աքքարի Աքրում շրջանէն եւ Ուատի Խալետէն:
Սուրիա ՄԱԿ-էն պահանջեց զսպել այս ապօրինութիւնները, որոնք նաեւ վտանգաւոր քայլեր կը նկատուին: Ժաաֆարի պահանջեց վերջ տալ զէնքի մաքսանենգումին եւ հաշուետուութեան այս մաքսանենգումին պատասխանատուները, որոնց մէջ նաեւ այն երկիրները, որոնք կը տրամադրեն այդ զէնքերը:


