Ռոտ Այլընտ Նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը Օպամային Եւ Դաշնակցային Քոնկրեսին Կոչ Կ՛Ուղղէ` Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը Ճանչնալու

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն փոքր նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ դաշնակցային քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղէ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու:

Բանաձեւով կը խրախուսուին հանրապետութեան` «իբրեւ ազատ եւ անկախ ազգ զարգանալու շարունակական ջանքերը», ինչպէս նաեւ գնահատանք կը յայտնուի Արցախի «միջազգային ընտանիքին մէջ կառուցողական ներգրաւման եւ գոյութիւն ունեցող շրջանային խնդիրներու տեւական լուծման հասնելու ջանքերուն» համար:

Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան այս առիթով յայտնած է. «Ես երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու տան այս բանաձեւը որդեգրելուն համար` ի նպաստ Ղարաբաղի ազատութեան ձգտման, եւ յոյս ունիմ, որ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան մեր ընդհանուր արժէքներու որդեգրումը օրէնսդիրին կողմէ օրինակ ծառայէ Միացեալ Նահանգներու այլ օրէնսդիր մարմիններուն համար»:

Բանաձեւին որդեգրումը տեղի ունեցած է Աւետիսեանի ներկայութեամբ, զոր ներկայացնելու ատեն նահանգային Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Կորտըն Ֆոքս ջերմօրէն ողջունած է: Ան նաեւ ողջունած է Աւետիսեանին ուղեկցող` տեղւոյն հայերէն կազմուած պատուիրակութիւնը, որ կազմուած է Հայ մշակութային հաստատութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանէն, Հայ երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Աթարեանէն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Սթիվըն Էլմասեանէն եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական կոմիտէի անդամ Անի Հարոյեանէն: Նիստի ընթացքին տասնեակ ամերիկահայեր խորհրդարանի դահլիճին մէջ ներկայ եղած են:

Գրեթէ միաժամանակ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճէյմս Լանճեւեն եւ Տէյվիտ Սիսիլայն արցախանպաստ յայտարարութիւններ կատարած են: «Առաւել քան երբեք կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները սկզբունքային սատարում ցուցաբերեն շրջանին մէջ խաղաղութեան, ցոյց տան, որ տագնապէն կրնայ ժողովրդավարութիւն ծնիլ, եւ աջակցին Լեռնային Ղարաբաղին», ըսած է Լանճեւեն` աւելցնելով, որ «ազնուօրէն կը կարծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը այլեւս կրնայ հաստատուիլ առանց կեանքի կորուստի»:

«Քսան տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կռուեցաւ ու զոհուեցաւ յանուն խորհրդային ազրպէյճանական բռնաճնշումէն եւ խտրականութենէն իր անկախութեան: Այսօր ես կը միանամ անոնց անկախութեան 20-րդ տարեդարձը, հանրապետութեան բանակի ձեւաւորումն ու Շուշիի ազատագրումը ճանչնալով», ըսած է քոնկրեսական Սիսիլայն:

Աւետիսեան յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման հարցերով Ռոտ Այլընտի մէջ իր հանդիպումները: Անոր այցելութիւնը պիտի աւարտի 20 մայիսին, երբ ամբողջ համայնքը պիտի նշէ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES