Նախագահ Սարգսեան. «Հանրապետականը Համաձայնական Կառավարութիւն Կազմելու Գծով Վերջնական Որոշում Չէ Տուած»

Հայաստանի նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի ուշ երեկոյեան` Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստէն անմիջապէս ետք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը առայժմ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու հարցին շուրջ վերջնական որոշում չէ տուած:

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած էր Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին:

Անդրադառնալով այդ հանդիպումներուն` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ Սարգսեան, Գագիկ Ծառուկեանէն բացի, այլ ուժերու ղեկավարներու հետ եւս հանդիպումներ ունեցած է, սակայն չուզեց մանրամասնել, թէ խօսքը ճիշդ որ քաղաքական ուժերուն մասին է: Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ 6 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն մօտ երկու շաբաթ ետք խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետական կուսակցութիւնը չի կրնար համաձայնական կառավարութիւն կազմելու խնդիրին շուրջ որոշում տալ, Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ պատճառը այն է, թէ քննարկումները կը շարունակուին:

Անդրադառնալով այն հարցումին, որ արդեօք Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան արդէն առաջարկա՞ծ են համաձայնական կառավարութիւն կազմել, Շարմազանով դժուարացաւ ըսելու, որ համաձայնական կառավարութեան վերաբերեալ յստակ առաջարկ կատարուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, բայց նշեց, որ տարբեր քաղաքական ուժերու հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններ կատարուած են յետընտրական զարգացումներուն հետ կապուած: Ան յայտնեց, որ 24 մայիսէն ետք կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ համաձայնական կառավարութեան կազմութեան մասին:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ կարելի է ենթադրել, որ եթէ այդ համաձայնութիւնը ըլլայ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ, ապա քաղաքական ուժերը, որոնք յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի համագործակցին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ, պէտք է յայտարարեն 2013-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու մասին, Շարմազանով նշեց, որ այսօրուան գործող համաձայնական կառավարութիւնը յայտարարած է, որ 2013-ին պիտի պաշտպանէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը: Ըստ անոր, եթէ նոր համաձայնական կառավարութիւն ըլլայ, բնականաբար տրամաբանական է, որ այդ բոլոր ուժերը նոյն ծրագիրով պէտք է ղեկավարուին: Ան աւելցուց, որ այդ ծրագիրը իրականացնողը եւ ղեկավարը բնականաբար պէտք է ըլլայ մէկը, իսկ այդ մէկը հանրապետութեան նախագահ եւ այն ժամանակ արդէն նախագահական ընտրութիւններու ամէնէն նախընտրելի թեկնածու Սերժ Սարգսեանն է:

 

Share this Article
CATEGORIES