«6 Մայիսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մեծ Յառաջընթաց Արձանագրուած Է» Կ՛Ըսէ Դեսպան Ճոն Հեֆըրն
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն երէկ յայտարարեց, որ 6 մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է:
«Մենք ուշադրութեամբ եւ մօտիկէն հետեւեցանք ընտրութիւններուն: Կը կարծենք, որ մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է. մեծ յառաջընթաց քանի մը առանցքային ուղղութիւններու մէջ` լրատուամիջոցներէն օգտուելու առումով վիճակը շատ աւելի լաւ էր, քան անցեալին, եւ ասիկա լաւ բան է, ընտրատեղամասերուն մէջ ամէն ինչ ըստ կարգի էր եւ թափանցիկ, յանձնախումբերու անդամները պատրաստուած էին, ընտրատեղամասերուն մէջ տեսախցիկներ տեղադրուած էին: Այսինքն` շատ դրական զարգացումներ կային այս ընտրութիւններուն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ դեսպան Ճոն Հեֆըրն:
Սակայն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը չմոռցաւ խօսելու նաեւ ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած բացասական երեւոյթներուն մասին:
Ան նշեց, որ միեւնոյն ժամանակ որոշ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի դէտերը զանոնք յստակօրէն նշած են: Ըստ դեսպանին, ընտրակաշառքները եւ վարչական աղբիւրներու չարաշահումը լուրջ խնդիր կը շարունակեն մնալ: Ան ընդգծեց որոշակի աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ:
Հեֆըրն նաեւ տեղեկացուց, որ իրենք կ՛աշխատին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ` ընտրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած խնդիրները վերցնելու համար:
«Մենք կը փորձենք առաւելագոյնը օգտակար դառնալ կառավարութեան, իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ լրատուամիջոցներուն հետ աշխատանքին մէջ: Մենք կ՛ընենք ամէն ինչ օգտակար դառնալու համար», վստահեցուց դեսպանը:


