50 Տարի Առաջ ( 21 մայիս 1962 )

Զարեհ Ա. Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայրապետական Հանդիսաւոր
Պատարագ

Երէկ, կիրակի, 20 մայիս 1962, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը` Զարեհ Ա. հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ս. Նշան առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին:

Առաւօտուն լիբանանահայ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս, քահանայ հայրեր, Ս. Նշանի թաղական խորհուրդի անդամներ, բարեպաշտ ազգայիններ, աւելի քան 30 ինքնաշարժներով գացին Անթիլիաս` Զարեհ Ա. կաթողիկոսը առաջնորդելու Ս. Նշան մայր եկեղեցի, որուն դրան առաջ լիբանանեան ազգային գոյներով դրօշակազարդուած յաղթական կամար մը շինուած էր: ԼՕԽաչի արենուշներ անցքի երկու կողմերուն շարքի կեցած էին: Վեհափառի մուտքին Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը մատաղցու ոչխար մը մորթել տուաւ:

Նորին սուրբ օծութիւնը հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ Երեւման Ս. Խաչը բնաբան ունենալով` մխիթարեց ու հաւատքի զօրութեան հրաւիրեց բազմահազար ժողովուրդը:

Արարողութիւնները երգուեցան քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Վարդան Սերայտարեանի:

Ս. պատարագէն ետք առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ներկայ էին պետական հայ երեսփոխաններ եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ:

Դեսպանական Ս. Պատարագ Էշրեֆիէի
Ս
. Աւետման Եկեղեցիին Մէջ

Երէկ, կիրակի, 20 մայիս 1962, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Աւետման եկեղեցւոյն մէջ դեսպանական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Պատարագեց Կոգեան սրբազան:

Արարողութիւնները երգուեցան քառաձայն, «Կիլիկիա» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Վարդան վրդ. Թէքէեանի:

Ներկայ էին Ֆրանսայի դեսպան տը Պուասեզոն, դեսպանական անձնակազմը, ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորականներ եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ երեսփոխան Ժոզեֆ Չատըր:

Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Հայկազեան Քոլեճի Հրթիռային Ցուցահանդէսը

 Քանի Մը Օրէն Պիտի Արձակուի
Երկյարկանի
  Հրթիռ Մը

Ուրբաթ օր Հայկազեան քոլեճին մէջ կատարուեցաւ բացումը գիտական ցուցահանդէսի մը, որ յատկացուած էր քոլեճի ուսանողներու ծրագիրներուն եւ հրթիռներու արձակման յայտագրին: Առանձնապէս պիտի անդրադառնանք այս ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին ցոյց կը տրուին հռթիռներուն մանրանկարներ, ինչպէս նաեւ` մանրակերտ գործիք մը, որ հրթիռներու շաւիղը կը սահմանէ:

Ցուցահանդէսը տեւեց երկու օր, որուն ընթացքին լիբանանեան գիտական շրջանակներու պատկանող բազմաթիւ անձնաւորութիւններ եւ այլ հետաքրքիրներ այցելեցին եւ հիացումով արտայայտուեցան Հայկազեան քոլեճի` այս մարզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններու մասին: Հրթիռային յանձնախումբի վարիչ փրոֆ. Մանուկեան այցելուներուն տեղեկութիւններ տուաւ ցուցահանդէսին եւ իրենց ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յանձնախումբը մայիսի վերջերը պիտի արձակէ նոր հռթիռ մը, որ երկյարկանի պիտի ըլլայ եւ պիտի կշռէ 80 քիլօ: Այս հրթիռը, որ պիտի կոչուի «Մայրի Բ.», պիտի հասնի 15 քմ. բարձրութեան մը: Փորձը պիտի կատարուի հսկողութեանը ներքեւ բանակին, որ ձրիօրէն տրամադրած է արձակման խարիսխը:

Աւելի յետոյ, ամառը, պիտի ըլլան երկու նոր փորձեր: Պիտի արձակուի յատկապէս «Մայրի Գ.» հրթիռը, որուն համար պիտի գործածուի հաստատուն վառելանիւթ մը: Այս հրթիռը պիտի պարունակէ գործիքներ, որոնք կոչուած են ուսումնասիրելու մթնոլորտային պայմանները:

Հայկազեան քոլեճի հրթիռային յաձնախումբը յաջողութեամբ արձակած է արդէն վեց հրթիռներ: Առաջինը արձակուեցաւ 10 ապրիլ 1961-ին եւ բարձրացաւ մէկ քիլոմեթր: Երկրորդը ամիս մը ետք` բարձրանալով 2,300 մեթր: 17 սեպտեմբեր 1961-ին, «Մայրի Ա.» երկյարկանի հրթիռը բարձրացաւ 4,500 մեթր:

Լուսինեան Մանկապարտէզի
Շինութեան
Աշխատանքները

Նոր Սիսի մեր թղթակիցը կը գրէ.-

13 ապրիլ 1962-ին, տեղի ունեցաւ Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութիւնը, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ:

Անցնող իւրաքանչիւր օրը սկսուած աշխատանքները յառաջացուց եւ արդէն իսկ առաջին յարկի շինութիւնը գրեթէ վերջացած է:

17 մայիսին առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանի կրկին այցելեց շրջան եւ նախապէս գնուած հողամասին վրայ աւելցաւ 119 քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը եւս: Այսպիսով, մանկապարտէզի շինութեան կը յատկացուի մօտ 450 քառ. մեթր տարածութեամբ հողամաս մը, որուն վրայ պիտի կառուցուին արդիական 8 դասարաններ` գետնայարկը պահելով իբրեւ խաղավայր:

Շինութեան հանգանակիչ յանձնախումբը ճիգ ու զոհողութիւն չի խնայեր թաղին երկսեռ փոքրիկներուն յատկացուելիք այս հաստատութիւնը օժտելու համար արդիական յարմարութիւններով:

Share this Article
CATEGORIES