Արուեստի Աշխարհէն. Քննադատութեան Բարոյագիտութեան Եւ Գրականագիտութեան Մասին
«ԵՆԹԱՐԿՈՒԷՑԷՔ ՏԿԱՐ ԿԱՄ ԶՕՐԱՒՈՐ ՈՐԵՒԷ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԻ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ԲԽԻ ԳՐՈՒԹԵՆԷՆ: ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ԳՈՎԱԲԱՆԵԼ ԵՒ ԲԱԺՆԵԼ, ՔԱՆ ԹԷ` ԱՅՊԱՆԵԼ ԵՒ ԱՐԳԻԼԵԼ». Ա՛ՅՍ Է ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՎԻՊԱԳԻՐ ՃՈՆ ԱՓՏԱՅՔԻ ՊԱՏԳԱՄԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՆՈՐ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՆ` ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ:
Ինչպէս սըր Քեն Ռոպինսըն խորաթափանց դիտարկումով մը ըսած է, կ՛ապրինք «կարծիքի մշակոյթ»ի մը մէջ, ուր կարծիք չունենալը կը նկատուի մշակութային գարշելի երեւոյթ մը: Միաժամանակ` կարծիք մը հրապարակաւ յայտնելու դէմ պատուարները երբեւիցէ այսքան ցած չեն եղած: Մեր ժամանակներու ողբերգութիւնը այն է, թէ շատեր նման կարծիքներ մէկ կողմ կը դնեն` զանոնք որակելով հակադրուող կամ վնասակար: Սակայն, ինչպէս ամերիկացի գրագէտ Ի. Պի. Ուայթ առիթով մը սահմանած է գրագէտի մը դերն ու ընկերային պատասխանատուութիւնը` ըսելով, թէ` «անիկա մարդիկը բարձրացնել է, եւ ոչ թէ` ստորնացնել», կը հաւատամ, թէ այս մէկը նոյնպէս քննադատի՛ն դերն է եւ անոր ընկերային պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ մտածուած քննադատութիւնը ինքնին արուեստ մըն է, ստեղծագործական արուեստ մը:
Պէտք է դարձեալ սորվինք քննադատութիւնը շինիչ, քան թէ` քանդիչ բանի մը վերածելու կարողութիւնները: Կարիք չկայ այլ տեղ դիմելու. Ճոն Ափտայքի 1977-ին հրատարակած արձակ գրութիւններու ժողովածուին` «Փիքտ ափ փիսըզ»-ի նախաբանը կարդալը բաւարար է: Այստեղ սիրուած հեղինակն ու քննադատը կը նշէ քննադատութեան բարոյագիտութեան եւ գրականագիտութեան նախադրեալները` առաջարկելով վեց օրէնքներ, որոնք կը ծառայեն շնորհալի եւ արդար գրաքննադատութեան: Թէեւ անոնք կը մեկնին գրական ոլորտէն, սակայն անոնց խորքին կայ իմաստութիւն մը, զոր կարելի է կիրարկել որեւէ մարզի մէջ:
Ափտայք կը գրէ.
«Իմ օրէնքներս, զորս մշակած եմ ներքուստ, երբ ձեռնարկած եմ այս արհեստին, եւ զորս ձեւաւորած եմ քննադատական կարծիքներու հարուածով իմ ստացած երիտասարդական խոցերով, հետեւեալներն էին եւ են.
1. Փորձեցէք հասկնալ, թէ ի՛նչ կը ցանկայ իրագործել հեղինակը, եւ մի՛ մեղադրէք զայն, երբ ան չէ իրագործած բան մը, որուն չէ ձգտած:
2. Բաւարար մէջբերումներ կատարեցէք իրմէ. գէթ երկար պարբերութիւն մը, որպէսզի ձեր գրախօսականը կարդացող անձը կազմէ իր սեփական տպաւորութիւնը գրութեան ոճին մասին եւ առնէ անոր համը:
3. Գիրքին ձեր նկարագրութիւնը հաստատեցէք` անկէ մէջբերում մը կատարելով, նոյնիսկ, եթէ անիկա միայն նախադասութիւն մըն է: Ասիկա աւելի լաւ է, քան թէ` աղօտ ամփոփում մը ներկայացնելը:
4. Շատ մի՛ տքնիք դիպաշարը ամփոփելու եւ մի՛ բացայայտէք գիրքին աւարտը: (Որքան զարմացած եւ զայրացած էի, երբ տակաւին անմեղ էի եւ կը տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս գրաքննադատներ գինով տէրերու պէս, որոնք գերագոյն անճշգրտութեամբ կը տեղեկագրէին գեղջուկներու ապստամբութիւններուն մասին, գաղտնիքներ դուրս կու տային անակնկալներ եւ առկախ գագաթնակէտեր պարունակող գիրքերէս: Ամէնէն հեգնականը այն է, թէ միակ ընթերցողները, որոնք գիրքի մը կը մօտենան այնպէս, ինչպէս պիտի փափաքէր հեղինակ մը, եւ` դիպաշարին անտեղեակ, նոյնինքն այս չսիրուած գրաքննադատներն են: Ապա` տարիներ ետք, այն օրհնեալ յիմարը, որ պատահական կերպով գիրքը կ՛ընտրէ գրադարանի մը դարանէն):
5. Եթէ ձեր վճիռը այն է, թէ գիրքը թերի է, նաեւ անոր յաջող մէկ կէտը նշեցէք նոյն տողերուն մէջ կամ այլ տեղ մը` օրինակ մը տալով հեղինակին գործէն: Փորձեցէք հասկնալ ձախողութեան պատճառը: Անշուշտ ի՛ր ձախողութիւնն է, եւ ոչ` ձերը:
Այս հինգ յստակ կէտերուն վրայ կարելի է աւելցնել աղօտ վեցերորդ կէտ մը, որ կը վերաբերի քիմիական մաքրութիւն մը պահպանելու` արտադրուած գործին եւ զայն արժեւորող անձին միջեւ յարաբերութեան մէջ: Մի՛ ընդունիք գրախօսել գիրք մը, զոր նախատրամադրուած էք չսիրել կամ պարտաւոր կը զգաք սիրել բարեկամութեան պատճառով: Մի՛ երեւակայէք, թէ որեւէ աւանդութեան մը վերահսկիչն էք, որեւէ կողմի մը չափանիշները պարտադրողը, պատերազմիկ մը` գաղափարական ճակատամարտի մը մէջ, սրբագրող ոստիկան մը: Երբեք, երբեք (Ճոն Ալտրիճի եւ Նորման Փոտհորեցի նման) մի՛ փորձէք «իր տեղը դնել» հեղինակը, զայն վերածել գրաւի` այլ գրաքննադատներու հետ ձեր մրցակցութեան մէջ: Գրախօսեցէք գի՛րքը եւ ոչ` հռչակը: Ենթարկուեցէք տկար կամ զօրաւոր որեւէ կախարդանքի մը, որ կը բխի գրութենէն: Աւելի լաւ է գովաբանել եւ բաժնել, քան թէ` այպանել եւ արգիլել: Գրաքննադատին եւ հանրութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը հիմնուած է ընթերցանութեան հաւանական որոշ հաճոյքի մը ակնկալութեան վրայ, հետեւաբար մեր բոլոր նախընտրութիւնները պէտք է հունաւորուին այս ուղղութեամբ»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

