Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Շատ Սիրուած Է Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն»
Կ՛ԸՍՈՒԻ, ԹԷ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՎԱՃԱՌՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՂ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԷՆ Է: ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂ ՄԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՔՆՆԱԴԱՏՆԵՐ ՄԻՇՏ ԱԼ «ԳԱՂՋ» ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ԵՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: ՈՒՐԵՄՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՆՈՐ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑԸ` «ՄԱՐԳԱՐԷ»-Ն ԽՕՍԱԾ Է ԸՆԹԵՐՑԱՍԷՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՍՐՏԻՆ: ՇՈՔՈՒ ԱՄԻԱՐԱՆԻ ԵՒ ՍԹԵՖԱՆԻ ՀԵԿԱՐԹԻ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ` ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՎ:
«Մարգարէ»-ն տեւաբար վերահրատարակուած է 1923-էն ի վեր, երբ առաջին անգամ տպագրուած է: Այս անթառամ դասական գործը թարգմանուած է աւելի քան 50 լեզուներու եւ հիմնական ներկայութիւն է ամէնէն աւելի լաւ վաճառք արձանագրող գիրքերու միջազգային ցանկերուն վրայ: Կ՛ենթադրուի, թէ տասնեակ միլիոնաւոր օրինակներ ծախուած են անկէ:
Թէեւ այս գիրքը իրողապէս անտեսուած է Արեւմուտքի գրական շրջանակներուն կողմէ, սակայն աշխարհի տարածքին անոր տողերէն ներշնչուած են երգերու բառեր, քաղաքական ճառեր, հարսանեկան մաղթանքներ եւ դամբանականներ:
«Անիկա կը ծառայէ անձի մը կեանքին մէջ տարբեր առիթներու կամ յատկանշական պահերու, հետեւաբար յարմար նուէր մը կը նկատուի սիրահարի մը եւ յաճախ կը տրուի ծնունդի կամ մահուան առիթով: Այս պատճառով է, որ շատ տարածուած է, եւ մարդիկ իրարու պատմած են անոր մասին», կ՛ըսէ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արաբական արդի գրականութեան դասախօս Մոհամետ Սալեհ Օմրի:
Պիթըլզ խումբին անդամները, Ճոն Քենետի եւ Ինտիրա Կանտի այն անձերէն են, որոնք կրած են Ժըպրանի բառերուն ազդեցութիւնը:
«Այս գիրքը ձեւով մը կարողութիւնը ունի խօսելու մարդոց սրտին, անոնց կեանքի տարբեր հանգրուաններուն: Անիկա օժտուած է այս կախարդական յատկութեամբ. որքան աւելի կարդաս զայն, այնքան աւելի կը հասկնաս, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն բառերը», կը բացատրէ Նիւ Եորքի մէջ միջկրօնական առաջնորդ վեր. Լորի Սիւ, որ հարիւրաւոր հարսանիքներ գլխաւորած է «Մարգարէ»-էն ընթերցումներով:
«Այսուհանդերձ, անիկա դաւանագիրք մը չէ, այլ հասանելի է բոլորին, ըլլան անոնք հրեայ, քրիստոնեայ, թէ իսլամ», կ՛աւելցնէ ան:
Գիրքը կը բաղկանայ 26 արձակ բանաստեղծութիւններէ, որոնք իբրեւ քարոզ կը փոխանցուին Ալ Մուսթաֆա անունով իմաստուն մարդու մը կողմէ: Ալ Մուսթաֆա կը պատրաստուի դէպի իր երկիրը նաւարկելու 12 տարի երեւակայական կղզիի մը վրայ աքսորի մէջ ապրելէ ետք, երբ կղզիին բնակիչները կը խնդրեն իրմէ, որ իրենց հետ բաժնէ իր իմաստութիւնը` կեանքի մեծ հարցերուն մասին, ինչպէս` սէր, ընտանիք, աշխատանք եւ մահ:
«Մարգարէ»ին ժողովրդականութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է 1930-ական տարիներուն, ապա դարձեալ` 1960-ական տարիներուն, երբ անիկա դարձած է մշակութային հաստատուած աւանդութիւններու դէմ հակադրուող մշակոյթի մը սուրբ գիրքը:
«Շատեր եկեղեցիէն հեռացան իբրեւ կառոյց եւ հետեւեցան Ժըպրանի», կ՛ըսէ Միշիկընի համալսարանին մէջ Միջին Արեւելքի պատմութեան դասախօս Խոան Քոլէ, որ ժըպրանէն բազմաթիւ գործեր թարգմանած է արաբերէնէ:
«Ան կ՛առաջարկէր ուսմունքներէ զերծ տիեզերական ոգեղէնութիւն մը, որ կը հակադրուէր կրօնական ուղղափառութեան: Իսկ անոր ոգեղէնի պատկերացումը բարոյախօսական չէր: Իրօք, ան մարդոց կը մղէր դատողական մօտեցում չցուցաբերելու», կը բացատրէ ան:
Հակառակ իր գրութիւններուն վայելած լայնածիր ժողովրդականութեան, կամ` թերեւս այս պատճառով, «Մարգարէն» թիրախը դարձած էր Արեւմուտքի մէջ բազմաթիւ քննադատներու, որոնք զայն արհամարհած են իբրեւ պարզամիտ, մանկունակ եւ սնամէջ գործ մը:
«Արեւմուտքի մէջ Ժըպրան չէր ներառուած անգլերէն գրականութեան գրացանկերուն մէջ», կ՛ըսէ Քոլէ:- «Թէեւ1918-էն ետք ան գրած է անգլերէնով եւ ամերիկեան պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի լաւ վաճառուած բանաստեղծներէն է, սակայն անգլերէնի դասախօսները կ՛արհամարհէին զայն»:
«Անկեղծօրէն, արեւմուտքցի ակադեմականները Ժըպրանը կը ստորադասէին իբրեւ «դատարկամիտ» անձ մը, որովհետեւ ան հաճելի կը թուէր զանգուածներուն: Կը կարծեմ, թէ ան սխալ հասկցուած էր Արեւմուտքի մէջ: Անշո՛ւշտ ան դատարկամիտ մը չէր: Իրօք, անոր արաբերէն գրութիւններուն ոճը շատ կատարելագործուած է»:
«Կասկած չկայ, թէ Ժըպրան արժանի է իր տեղը ունենալու արեւմտեան գրացանկերուն մէջ: Տարօրինակ է անգլերէն գրականութիւն դասաւանդել, եւ արհամարհել գրական նման երեւոյթ մը»:
Ժըպրան գրագէտ էր եւ գեղանկարիչ` իր ուսումով: 1908-ին Փարիզի մէջ աշակերտած էր գեղանկարչութեան խորհրդապաշտ աւանդութեան դպրոցին: Ան յարաբերութիւններ մշակած էր իր ժամանակներու մտաւորական վերնախաւին հետ, որուն մաս կը կազմէին Ուիլիըմ Պաթլըր Եէյց, Քարլ Եունկ եւ Օկիւսթ Ռոտեն, որոնց բոլորին դիմանկարները գծած է:
Քանդակագործ Ռոտենի նման խորհրդապաշտներ, ինչպէս նաեւ անգլիացի բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Ուիլիըմ Պլէյք, որ մեծ ազդեցութիւն գործած է Ժըպրանի վրայ, կը նախընտրէին վիպերգականութիւնը, քան` իրապաշտութիւնը: Այս շարժումը արդէն նորաձեւութիւն չէր 1920-ական տարիներուն, երբ Թի. Էս. Էլիըթի եւ Էզրա Փաունտի նման հեղինակներ սկսած էին ժողովրդականութիւն վայելել:
Ժըպրան գծած է աւելի քան 700 գեղանկարներ, ջրանկարներ եւ գծանկարներ: Անոր մահէն ետք գեղանկարներուն մեծ մասը փոխադրուած է Լիբանան եւ այս պատճառով չէ արժանացած Արեւմուտքի ուշադրութեան:
Մերիլենտի համալսարանին Արժէքներու եւ խաղաղութեան Խալիլ Ժըպրան բաժանմունքի տնօրէն Սուհէյլ Պըշրաուի Ժըպրանը կը նմանցնէ Շելիի եւ Պլէյքի նման անգլիացի վիպերգակներու եւ կ՛ըսէ, թէ Պլէյքի նման Ժըպրան անտեսուած էր իր ժամանակներուն:
«Զայն կը կոչէին «խենթ Պլէյք»-ը, իսկ այժմ ան գլխաւոր կերպար մըն է անգլերէն գրականութեան մէջ: Հետեւաբար, երբ գրաքննադատներ լուրջ մօտեցում չեն ցուցաբերեր գրագէտի մը նկատմամբ, ասիկա ցուցանիշ չէ անոր գործին արժէքին»:
Լիբանանի մէջ, ուր ծնած է Ժըպրան, զայն մինչեւ այսօր կ՛ոգեկոչեն իբրեւ գրական հերոս մը:
Ժըպրանի ոճը, որ հեռացած է դասական դպրոցէն, ճամբայ բացած է վիպերգական նոր շարժումի մը` արաբական գրականութեան արձակ բանաստեղծութեան մէջ:
«Խօսքը կը վերաբերի արաբական արդի գրականութեան մէջ վերածնունդի մը, որուն հիմերը կը գտնուին Ժըպրանի գրականութեան մէջ», կ՛ըսէ Պըշրաուի:
Արաբական աշխարհի տարածքին Ժըպրան կը նկատուի ըմբոստ մը` գրական եւ քաղաքական առումով: Ան 12 տարեկանին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, սակայն երեք տարի ետք վերադարձած է Լիբանան, ուր ականատես դարձած է գեղջուկներու տառապանքին` օսմանցի իշխանաւորներու տիրապետութեան տակ:
«Քրիստոնեայ էր, սակայն կը տեսնէր, թէ քրիստոնէութեան անունով ի գործ կը դրուէին բաներ, զորս ինք չէր կրնար ընդունիլ», կ՛ըսէ Պըշրաուի:
Իր գրութիւններուն մէջ Ժըպրան կը պոռթկար կիներու ճնշուածութեան դէմ եւ` եկեղեցիին բռնատիրութեան, նաեւ կոչ կ՛ուղղէր ձերբազատելու օսմանեան տիրապետութենէն:
«Ինչ որ կ՛ընէր, յեղափոխաշունչ էր, եւ արաբական աշխարհի տարածքին բողոքներ ծայր տուին անոր դէմ,- կ՛ըսէ Խուան Քոլէ:- Հետեւաբար ան արաբական գրականութեան մէջ կը նկատուի նորարար մը, որ տարբեր չէր Արեւմուտքի մէջ Ուիլիըմ Պաթլըր Եէյթէն»:
Քաղաքական ղեկավարներ Ժըպրանի գաղափարները թունալից կը նկատէին երիտասարդներուն համար: Անոր գիրքերէն մէկը` «Ըմբոստ ոգին» (սփիրիթ ռիպելըս) հրկիզուած էր Պէյրութի շուկային մէջ, հրատարակութենէն անմիջապէս ետք:
Ժըպրան 1930-ական տարիներուն արդէն կարկառուն եւ տպաւորիչ տիպար մըն էր Պոսթընի լիբանանեան գաղութին եւ Նիւ Եորքի գրական շրջանակներուն մէջ:
Սակայն անգլերէնով գրելու իր յաջողութիւնը ան մեծ մասամբ կը պարտի Մերի Հասքըլ անունով կնոջ մը, որ Պոսթընի յառաջադէմ մէկ դպրոցին տնօրէնուհին էր, եւ պիտի դառնար Ժըպրանի հովանաւորը, սրտակիցն ու խմբագիրը:
Հասքըլ նիւթապէս նեցուկ կանգնած է Ժըպրանի անոր ամբողջ ասպարէզին տեւողութեան, մինչեւ «Մարգարէն» գիրքին հրատարակութիւնը` 1923-ին:
Բարեկամութիւնը վերածուած է սիրոյ: Թէեւ Ժըպրան երկու անգամ ամուսնութիւն առաջարկած է, սակայն այս մէկը չէ իրականացած:
Այդ օրերուն Հասքըլի պահպանողական ընտանիքը երբեք պիտի չընդունէր ամուսնութիւնը գաղթականի մը հետ, կ՛ըսէ Ժան Ժըպրան, որ ամուսնացած է Խալիլ Ժըպրանի որդեգիր զաւկին հետ եւ 5 տարի յատկացուցած է գրագէտին կենսագրութիւնը գրելու:
Իրենց գիրքին մէջ Ժան Ժըպրան եւ անոր վերջերս մեռած ամուսինը չեն վարանիր ցոյց տալու Ժըպրանի նկարագիրին ոչ այնքան լաւ կողմերը: Անոնք կ՛ընդունին, թէ Ժըպրան ծանօթ էր իբրեւ ինքզինք աստղի վերածելու ձգտող անձ մը:
Ան նոյնիսկ այնքա՛ն յառաջ գացած էր, որ դիցաբանութիւն մը ստեղծած էր իր շուրջ եւ ձեւացուցած էր, թէ ժառանգորդն էր ազնուական ընտանիքի շառաւիղի մը:
Սակայն Ժան Ժըպրան կ՛ըսէ, թէ ան երբեք չէ յաւակնած սուրբ մը կամ մարգարէ մը դառնալ: «Պոսթընի վերնախաւին մէջ մուտք գործած աղքատ բայց հպարտ գաղթական մը, Ժըպրան չէր ուզեր, որ մարդիկ ստորադաս աչքով դիտէին զինք: Փխրուն անձ մըն էր եւ գիտակից` իր սեփական տկարութիւններուն»:
Սակայն Ժըպրանի անգլերէն գրականութիւնը ընթերցողներուն համար այս բոլորը որեւէ կարեւորութիւն չէին ներկայացներ:
«Չեմ գիտեր, թէ քանի՛ հոգի, որ «Մարգարէն» կարդացած է կամ` նուիրած, իրականութեան մէջ որեւէ բան գիտէ Ժըպրանի անձին մասին կամ` կ՛ուզէ երբեւիցէ գիտնալ», կ՛ըսէ Մոհամետ Սալեհ Օմրի:
««Մարգարէն» գիրքին գրաւչութեան գաղտնիքը մասամբ այն է, թէ ոեւէ մէկը կրնար գրած ըլլալ զայն: Այսպէս կը զգանք սրբազան գրականութեան դիմաց: «Մարգարէն» ինքնին նման գրականութիւն մըն է»:
Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԷ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
- Ամուսնութեան մասին. «Սիրեցէք զիրար, սակայն մի՛ կաշկանդէք ձեր սիրով, այլ թոյլ տուէք, որ սէրը դառնայ ձեր հոգիներուն ափերուն միջեւ հոսող ծով մը: Լեցուցէք մէկզմէկու գաւաթը, սակայն մէկ գաւաթէ մի՛ խմէք»:
- Զաւակներու մասին. «Ձեր զաւակները ձեր զաւակները չեն: Անոնք տղաքն ու աղջիկներն են Կեանքի ինքզինք ըլլալու ձգտումին»:
- Գեղեցկութեան մասին. «Գեղեցկութիւնը յաւիտենութիւնն է, որ ինքզինք կը դիտէ հայելիի մը մէջ: Սակայն դուն ես յաւիտենութիւնը եւ դուն ես հայելին»:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ԿԵԱՆՔԸ
- Մարոնի կաթոլիկ ընտանիքի զաւակ` ծնած է 1883-ին` Լիբանան:
- Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է 12 տարեկանին, իր մօրը, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ, երբ հայրը բանտարկուած է դրամական զեղծարարութեան պատճառով:
- Մաս կազմած է Հարաւային Պոսթընի մէջ հաստատուած լիբանանեան գաղութին:
- Դպրոցին մէջ գրագիրներու մէկ սխալին պատճառով անունը արձանագրուած է իբրեւ Քահլիլ եւ ոչ` Խալիլ:
- Շնորհալի աշակերտ մըն էր, որ գրաւած էր ուշադրութիւնը պոսթընաբնակ արուեստագէտ եւ լուսանկարիչ Ֆրետ Հոլլանտ Տէյի:
- Լիբանան վերադարձած է 15 տարեկանին` արաբերէն սորվելու համար:
- Այնուհետեւ շուտով կորսնցուցած է մայրը, քոյրն ու եղբայրը, որոնք իրարմէ քանի մը ամիս տարբերութեամբ մեռած են թոքախտի եւ քաղցկեղի պատճառով:
- Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք, 1904-ին կը հանդիպի Մերի Հասքըլի:
- Փարիզ կը ճամբորդէ 1908-ին` երկու տարի հետեւելու համար խորհրդապաշտ արուեստի դպրոցին դասերուն:
- Բանաստեղծութեան առաջին գիրքը հրատարակած է 1918-ին, ապա` «Մարգարէն», հինգ տարի ետք:
- Մեռած է 1931-ին` լեարդի փճացումի եւ թոքախտի պատճառով:
- Դարձած է ներշնչման աղբիւրը «Ռեսթ ըփան տը ուինտ» թատերախաղին, որ 2012-ին պիտի շրջի Բրիտանինոյ եւ Միջին Արեւելքի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



