Արիս Սեւակ` «Ծագումով Հայ»-ու Հակափաստը

Մահախօսական մը գրելով պարտք կատարելու սովորական տկարութիւնը թող չվերագրուի ինծի, երբ ապրիլի վերջին օրը մեզի հրաժեշտ տուած Արիս Սեւակի մասին կ՛ուզեմ խօսիլ: Ափոսանքով յիշենք Արիսը:

Հայկական սփիւռք(ներ)ը աստիճանական մաշումներով եւ ինքնանպատակ դարձած պատշաճեցումներով, առանց դոյզն անհանգստութեան կը մշակեն տեղատուութիւնները, որոնց աղբիւսին վրայ կը բուսնի, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, նոր մարդատեսակը` ծագումով հայը, որ երբեմն կ՛անյայտանայ, երբեմն կը դառնայ հայասէր եւ կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելող զբօսաշրջիկ:

Այսպէս է նաեւ «մեր Ամերիքան»: Այսօր ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ թիւ կը ներկայացնեն «ամերիկահայ»-երը: Ոսկերիչի փորձաքարն ալ չկայ ճշդելու համար անոնց տեսակարար ազգային խտութիւնը: Տեւաբար ցրուող եւ բազմապատկուող «հայկական» հաւաքականութիւնները կը տոկան եւ կը տեւեն, մինչեւ այն ատեն որ կը յայտնուին արտակարգ հաւատքով եւ ուժականութեամբ տիպարներ, որոնք կ՛ըլլան ոտքի մնալու ներդրում: Անոնց մէջ եղած են եւ կան մեծանուններ, կան համեստներ, մտաւորականներ, որոնց նախախնամական դերին կ՛անդրադառնանք, երբ յանկարծ մեզմէ կը բաժնուին: Անոնց մէկ մասին ես հանդիպած եմ տարբեր երկինքներու տակ:

Յաճախ մտածած եմ Վահան Քարտաշեանի օրինակի մասին, իրաւաբան, որ տասնամեակներ շարունակ, երբ չկային Հայ դատի յանձնախումբեր, առանձին, ուզած է վառ պահել հայոց իրաւունքի ջահը, բախած է դռներ: Ուրիշներ հայ գրականութեան ծառայած են` ըլլալով մեկենաս, կամ դպրոց հիմնած են` թերահաւատութեան կուրծք տալով: Ասոնք ազգը պահած են, Վահրամ Մավեանի նկարագրած «հայու բեկոր» ըլլալէ աւելի բան մը եղած են եւ են:

Այս մտածումներով կը տագնապէի Նիւ Եորքի կից Քուինզ քաղաքի եկեղեցիին մէջ, 30 ապրիլի դեռ ջերմանալ մերժող գարնան երեկոյեան: Դագաղ մը դրուած էր եկեղեցիին մէջտեղ: Հոն էի սգաւորներու հետ` մոռնալով, որ քանի մը օրուան համար սովորական զբօսաշրջիկ էի այդ երկիր-քաղաքներուն մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր հայերը բուռ մըն էին, որոնք երկու կաթիլ ջուրի պէս կը նմանէին անգլիացիին, իրլանտացիին, իտալացիին, յոյնին եւ միւսներուն` «ամերիքացի»-ներուն:

Հայու բազմահազար բեկորներէն անջատուող Արիս Սեւակին ես ծանօթացայ ուշ, երբ մեր ետին ձգած էինք մեր երիտասարդութիւնը, բայց ոչ հաւատքը եւ տոկալու ու տեւելու առաքինութիւնը, հռոմէական ըմբռնումով virtus-ը, որ կը նշանակէր հոգեկան ուժ: «Սփիւռք»-ներու մէջ սովորութիւն դարձած է, բարձրաղաղակ կրկնուող «չիմաստութիւն» մը, ամէն կարգի տեղատուութիւնները եւ նահանջները արդարացնելու համար ապաւինիլ շատ բան չնշանակող փաստարկներու, ըսել, որ «նոր սերունդ» է, «ամերիկածին» կամ «ֆրանսածին» է, հետեւաբար բնական է ըլլալ օտարախօս, բախտաւոր պարագային խօսիլ կոտրած-թափած հայերէն մը, Շաւարշ Միսաքեանի ընդվզումով նշած «հաց-պանիր հայերէն»ը:

Արիս Սեւակ ծնած էր Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք, 1946-ին, երբ գաղթական դարձած հայրենահանուած հայերու երկրորդ սերունդը նոր հայրենիքի տիրութիւն ձեռք բերած էր մասնակցելով մեծ պատերազմին, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով շատ բան զիջելով տարբերութիւնները անհետացնող melting pot-ին:

Բնութիւնը զարմացնող անակնկալներ կը վերապահէ անոնց որոնք դիտել գիտեն: Յանկարծ լերան կողին, ժայռի մը մը ծերպին մէջ, բուսած կ՛ըլլայ վայրի ծաղիկ մը: Նման պարագայի բանաստեղծը բացագանչած էր ըսելով. «Վայրի ծաղիկ անունդ ի՞նչ է»… Սփիւռքի բազմերես տխրութիւններուն մէջ եւս կը բուսնին ընդհանուր կանոնին չհետեւող վայրի ծաղիկներ, որոնք գոյն եւ երանգ կու տան իրապաշտութիւն համարուած պարտութիւններուն:

Հսկում էր: Հետզհետէ եկեղեցին կը լեցուէր: Կը տեսնէի լրջախոհ դէմքով հասնողները: Բայց ես կը փորձէի հասկնալ մեր առեղծուածը: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, «ամերիկածին» այս Արիս Սեւակը, հայու հարազատութեան մաս չկազմող հալոցին մէջ յանդգնութեամբ հարազատութիւն պահած էր, որ տօնական օրերու ճառ չէր, տարեդարձի մը կամ տարելիցի մը առիթով կրկնուող կարգախօս չէր: Մարդը ճանչնալու համար կը բաւէր իրեն հետ մտնել իր «աշխարհ»-ը, իր գրադարանը, ուր կային հազարաւոր թերթեր, գիրքեր, որոնց վրայ կ՛իշխէր, որոնք կ՛ապրէին իրմով, ինք կ՛ապրէր անոնցմով: Իր ինքնութեան կայսրութիւնը, այնքա՜ն տարբեր գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց բնակարաններու առթած երջանկութենէն: Ի՞նչ կը մտածեն հիմա այդ որբացած գիրքերը, որոնք կեանք ունէին, երբ իրենց էջերը չարչրկող մատներ կային:

Արիս Սեւակ կը թափանցուէր հայ գիրով եւ խօսքով, հայերէն էջով, եւ ունէր արուեստը զանոնք վերծանելու անգլերէնով, որպէսզի իմացուին անոնք: Ծանօթացման խելացի մրջիւնի աշխատանք: Շարունակողներ պիտի ըլլան, բայց պիտի պահուի՞ն նոյն որակը եւ վարակող ջերմութիւնը: Հաւանօրէն օր մը կը կազմուի ցուցակը իր կատարած այս ապերախտ աշխատանքին, որ պարտադիր տուրք է` տրուած մեր սփիւռքեան մաշումներուն:

Արիս Սեւակ վերջին մոհիկաններէն էր հայ խօսքի եւ գիրի ինքնութիւն կերտող էականութեան: Կը մերժէր հաշտուիլ «արդի ուղղագրութիւն» կոչուած անհարազատութեան եւ հայերէնի ժառանգութեան դիմազեղծումին: Տասնհինգ դարեր մեզ միացնող լեզուի եւ գրականութեան շարունակութիւնը խափանած համայնավարական «դեկրետ»-ային ուղղագրութիւնը անընդունելի էր իրեն համար: Թեթեւսոլիկութեամբ տեղի չտուաւ այս «ամերիկածին»-ը, մնաց ազգային վաւերականութեան աւազանին մէջ:

Մտաւորական էր Արիս Սեւակ, իր ձեւով յանձնառու, որ կը թարգմանուէր անդրկողմնապաշտութեամբ: Մեր դասական դարձած բաժանումներէն անդին, իր ծառայութեամբ մէկութիւն կը ստեղծէր, ամլացնող պատնէշները իրեն համար չէին:

Արիս Սեւակ անկեղծիք խօսակից էր, այնքա՜ն հազուագիւտ դարձող տիպար մը մեր օրերուն, խօսակից` ազգի մշակոյթի, գիրի, գրականութեան, պատմութեան եւ ճակատագրի անդաստաններուն մէջ: Խօսակից` ամէն օր քիչ մը աւելի նուազող հայատեսակ մը, որ երբեք չըսաւ` «քեզ Լաս Վեկաս» տանիմ, այլ իր կայսրութեան գիրքերէն մին կը վերցնէր եւ կը նուիրէր,  որպէսզի միասին ապրուէր հայ մշակոյթի եւ գիրքի անխառն սէրը:

Գիտէր ազնուութեամբ զայրանալ: Օր մը ելեկտրոնային նամակ մը ղրկած էր` արցախեան վաճառատան մը անունը կցելով. «Սուպերտյուքյան»… Թերեւս վերջիններէն էր, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ «սփիւռք(ներ)», որ վարակող անհեթեթութեան դէմ գիտէր ընդվզիլ, որպէսզի չնահանջենք:

Պահակը կը մեռնի, բայց չի յանձնուիր:

Կը վերանորոգուի՞ն չյանձնուող պահակագունդի շարքերը:

Հսկումի այդ գիշերը, խօսուած գեղեցիկ խօսքերը պատասխան պիտի տան այս հարցումին, զոր թերեւս այսօր Արիս Սեւակ կը յուշէ հաւատաւորներու ականջին եւ… խիղճին:

Յ. Պ.

30 Ապրիլ եւ 1 Մայիս 2012, Նիւ Եորք

Share this Article
CATEGORIES