«Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» Գիրք Գ. (Պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան)
2011-ին Պէյրութի մէջ «Քէստէնեան» տպարանէն լոյս տեսաւ Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն:
Ինչպէս` նախորդ գիրքերուն, 396 էջերէ բաղկացած յիշեալ հատորին մէջ եւս կը տիրէ Մեծ եղեռնի արիւնոտ դէպքերուն հետ առնչուած շիրմային մթնոլորտ մը, ուր իւրաքանչիւր ընթերցող իրազեկ կը դառնայ եղերականօրէն աննախընթաց այն իրադարձութիւններուն, որոնց զոհը հանդիսացաւ ողջ հայութիւնը Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, 20-րդ դարու սեմին:
Իրողութիւն է, թէ բոլոր ազգերու պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ ազգ ենթարկուեցաւ այնքան քստմնելի չարչարանքներու, որքան` հայ ժողովուրդը, որ աքսորի ճամբաներուն վրայ ճանչցաւ երկրային գեհենը` իր անպատմելի ահաւորութեամբ:
Արդարեւ, 1915 թուականէն մինչեւ այսօր յուշագրական բազմաթիւ գործեր լոյս տեսան սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ: Այդ գործերուն հեղինակները ականատեսի իւրայատուկ վկայութիւններով կամ Եղեռնէն վերապրած անձերու միջոցով փոխանցեցին ժամանակակից սերունդներուն` ցաւատանջ եղելութիւններ:
Այս յղացքով, պէտք է ըսել, որ Յարութիւն Իսկահատեան «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» խորագրեալ իր երրորդ հատորին մէջ կը համախմբէ բիւրաւոր հայ նահատակներուն մասին լոյս տեսած այն հրատարակութիւնները, որոնց առհասարակ ծանօթ չէ ընթերցասէր հասարակութիւնը: Իր յուշագրական վերոյիշեալ նախաձեռնութեամբ, Իսկահատեան կը կատարէ գնահատելի աշխատանք մը` լոյս ընծայելով Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ անյայտ մնացած այլազան պատահարներ:
Հատորին բովանդակութեան մաս կազմող գործերուն միջոցով հաղորդակից կը դառնանք անապատի ամայքներուն մահացած հայ սրախողխող վկաներու աճիւններուն: Յիշեալ գործերը իրենց դառնակսկիծ ու եղերական հանգամանքով իրազեկ կը դարձնեն մեզ` մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակի արիւնոտ պայքարներուն: Յուզելով հանդերձ մեզ, անոնք կը գօտեպնդեն մեր սրտերը գոյատեւելու անբեկանելի վճռակամութեամբ, խորացնելով միանգամայն մեր սէրն ու հաւատքը` հանդէպ մեր դիւցազնաբոյր հողին եւ մեր պապենական տոհմիկ աւանդութիւններուն:
Ձեռնարկելով «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» խորագրեալ երրորդ հատորին հրատարակութեան` Յարութիւն Իսկահատեանին հիմնական նպատակն է կենդանի պահել հայ ժողովուրդին յիշողութեան մէջ տարագրութեան տարիներուն հետ կապուած եղերական որեւէ դիպուած:
Պէտք է ըսել, որ սոյն գործով հեղինակը կը թելադրէ ընթերցողներուն, որ քննական ակնոցով նային 1915 թուականի եղեռնաշուք տարիներուն եւ ներկայացնեն զանոնք` գիտական փաստարկութեամբ:
Կը մաղթենք, որ Յարութիւն Իսկահատեան շարունակէ հրատարակել «Վկայարան»-ներու շարքը` նոյն ոգեւորութեամբ, դառնալով հարազատ թարգմանիչը Եղեռնի նահատակներու ոգեղէն ապրումներուն…։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

