Կրկնութիւններէ Եւ Յուսախաբութիւններէ Անդին
Ժամանակացոյցի դասաւորում էր: Ապրիլ 24-ի շաբաթը Երեւան էի, ուր կը գումարուէր Հայ գրողներու Զ. համագումարը: Արտայայտուեցան կարծիքներ, տրտունջներ, ցանկութիւններ:
Մասնակցեցանք դէպի Ծիծեռնաբերդ երթին եւ մեր վարդը գումարեցինք անշէջ բոցը շրջապատող բազրիքին վրայ:
Ընկերներ եւ բարեկամներ անխառն յուզումով կը դիտէին խուռներամ բազմութեան ալիքը, որ կը հոսէր, հոսած էր մեր հասնելէն առաջ, եւ այդպէս կը շարունակուէր, երբ ծիսական պարտականութիւն մը կատարելէ ետք հեռացանք:
Ուշագրաւ էր երիտասարդութեան ծաւալուն ներկայութիւնը: Այդ երիտասարդները կու գան ամէն տարի: Հաւանօրէն դեռ պիտի շարունակեն գալ յառաջիկայ տարիներուն:
Դիտեցի քարընկեց մը հեռուն կանգնած գերուած Արարատը: Անոր ետին գտնուող հայաշխարհը խուժեց մտածումներուս ալեկոծման մէջ:
Այս թէժ երիտասարդները, անոնց ապագան տնօրինողները, ունի՞ն ազգային հիմնարար մեծ երազը` Արարատի միւս կողմէն ուխտի գալու Ծիծեռնակաբերդ, որպէսզի ոգեկոչումէ մը առաջ եւ վերջ զգետնուի հայրենահանման ահաւոր ոճիրը, որուն մասին խօսիլ պերճանք չէ:
Եթէ չկայ այդ երազը, անոր իրականացման ձգտող յանձնառութիւնը չկայ, ծէսը եւ ծէսերը պիտի տեւեն, բանաստեղծի մը գեղեցիկ բառերուն պէս, որ վարդը վարդ էր եւ ապրեցաւ առաւօտի մը կեանքով:
Եւ եթէ չկայ այդ երազը, շատեր պիտի դառնան նոր օրերու պանդուխտներ, ինչպէս ուրիշներ` հեռու եւ մօտ ոստաններու մէջ, առանց անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու:
Առանց երազի մարդը սոսկ մարսողական գործարան մըն է:
Յուզում կար մթնոլորտին մէջ, երբ մարդկային հեղեղին մէջ կաթիլ էինք: Գրեթէ ակնթարթային:
Մասնակցեցանք ուխտի մը կատարման, ծէս, պարտականութիւն:
Չզգացի բռնագրաւուած հայաշխարհի ցաւը, չտեսայ եւ չլսեցի ճնշուած ազգի զայրոյթը:
Առանց այդ ցաւին եւ զայրոյթին գիտակցութենէն բխած յանձնառութեան եւ կենդանի գործի, ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ, ո՞ւր առաջնորդել հեռու եւ մօտ աշխարհներու Արարատի ժողովուրդը:
Հայկական սփիւռք(ներ)ը, տասնամեակներէ ի վեր, հնարած են իրենց ծէսը, ափրիկեան թամ-թամի պէս. Ճանչնալ եւ ճանչցնել ցեղասպանութիւնը: Ի՞նչ ընելու համար, երբ այդ աղմուկին չենք կցեր, անկէ առաջ չենք յիշեր եւ յիշեցներ, որ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար, եւ ամբողջ ժողովուրդ մը հայրենահան եղաւ, որ այսօր կը մաշի համայնակուլ մշակութասպանութեան գորշութեան մէջ, կորսնցնելով լեզու եւ ինքնութիւն, ինքնարդարացումներով խրելով օտարման տիղմին մէջ:
Ի վերջոյ, մենք մեզի համար գէթ, հարց պիտի տա՞նք, թէ ո՞ր ոճիրն է աւելի մեծ. ջա՞րդը, թէ՞ հայրենահանումը: Քաղքենիացումը փակագիծի մէջ դրած է էականը, որպէսզի չխանգարուի քաղքենի հանգիստը:
Եւ քաղքենի հանգիստը չի խանգարուիր, երբ մեծ ու պզտիկ անձնատուր կ՛ըլլանք իրաւագիտական մարզանքներու. ցեղասպանութեան իրականութիւնը փաստել, Ցեղասպանութեան ուրացումը օրէնքով դատապարտելի համարել: Իսկ երբ աշխարհի հարիւրաւոր երկիրներէն մէկը կամ միւսը, կամ քաղաքի մը թաղապետական խորհուրդը կը յայտարարէ, որ ճիշդ է, հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուած են, կը հասնինք երանութեան:
Հայրենահանում եւ հող, ամէն օր ծագումով հայ ըլլալէ ետք անհետացող հայեր` նիւթ չեն ո՛չ գործի եւ ո՛չ խօսքի:
Կը շարունակենք պետութիւններու դարպասին առջեւ կանգնած խոստումներու պէս բաներ կորզել, գեղեցիկ խօսքերու ասեղնագործով խանդավառուիլ:
– Ո՜հ, ի՛նչ լաւ բացատրուեցաւ, մանաւանդ` օտար բառ ու խօսքով:
Յետո՞յ… Կը վերսկսինք, նոր դէմքերով, երէցը կը փոխարինուի երիտասարդով:
Նոյն թատրոնը` նօսրացող նոյն հասարակութեան առջեւ:
Ո՞վ պիտի ըսէ, որ հայոց իրաւունքի եւ ինքնութեան խնդիրը ոտքի քնացնող երգի նմանող տարազներէն հարկ է ձերբազատել:
2012-2015 ձգուող ժամանակը բաւարար պիտի ըլլա՞յ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը աւազախրումէ դուրս բերելու, որպէսզի բռնագրաւեալ Հայաստանը վերջնականապէս չդառնայ պատմական Հայաստան, կանգ առնեն աղէտ-արտագաղթը եւ չաճի համրանքը ծագումով հայերու` որոնք կը բազմացնեն հիւրընկալ ժողովուրդները:
Ճառերը լեղի համ չձգող թմրեցուցիչներ են:
Որքան լաւ պիտի ըլլար ցոյցերու եւ հանդէսներու ընթացքին պարզել Սիմոն Զաւարեանի կտակ-խօսքով պաստառ, ըստ որուն` «գործն է միայն կենդանի», թերթեր, հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ, Տէրունական աղօթքի պէս այդ յիշեցնէին:
Որպէսզի, մարդիկ դադրին բեմէն իջած դերասան ճառախօսի մը պէս ըսելէ` «այսօր ալ կլլեցուցինք»: Ինքնագոհութիւնը արդիւնքի համազօր է :
Մենք ալ չգոհանանք` ըսելով, որ այս տարուան համար ստացանք մեր յուզման անհրաժեշտ դեղահատը` օրօրելու համար մեր գունագեղ զգացականութիւնները:
Հաւկուրութիւնը կը դարմանուի՞: Ի՞նչ կ’ըսեն «բժիշկներ»-ը… Խօսքը կը վերաբերի հոգեբուժներու:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ, 4 Մայիս 2012,
Քուինզ, Նիւ Եորք

