Հայաստանի Ընտրութիւններուն Առիթով. Քաղաքագէտ Եւ Քաղաքականութիւն

17 ապրիլին ստացուած մեր աշխատակից Յովսէփ Պարազեանի յօդուածը թեքնիք պատճառներով օրին լոյս չէր տեսած: Յետընտրական  հայեացքով նախընտրական ժամանակաշրջանին գրուած յօդուածին այժմէականութիւնը նկատի ունենալով` ստորեւ կը հրատարակենք յօդուածը:

«Ա.»

 

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Հայաստանը ընտրութիւններու կը պատրաստուի: Ինչո՞ւ ոչ, ընտրութիւններ Հայաստանի մէջ ալ: Սովորական բան. ամէն երկրի մէջ ալ ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան. հայերը սակայն իրենց ընտրութիւնները իւրայատուկ եւ արտակարգ բան կը նկատեն: Աւելին` շահագրգռուողները: Նուազ` անշահագրգիռները: Հետեւողներ ալ կան` ներսէն, դուրսէն, շահագրգռութեամբ, անշահագրգռութեամբ:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին քաղաքագէտներ, կամ քաղաքական ասպարէզը նախընտրողներ: Առանց քաղաքականութեան ընտրութիւն չ՛ըլլար. առանց քաղաքագէտի եւ առանց քուէարկութեան քաղաքականութիւն չ՛ըլլար. առանց քաղաքականացած ըլլալու դարձեալ քաղաքագէտ չ՛ըլլար: Բայց Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կ՛ըլլայ. ինչպէս այլ երկիրներու մէջ ալ` յանկարծ ընտրապայքարի պղպջակը կը շոգիանայ, ամպ կը դառնայ, կ՛անէանայ ու կ՛անհետի, յաճախ առանց նուազագոյն հետքը ձգելու իր ետին:

Հայաստանի մէջ այսօր չյայտարարուած պատերազմի պէս բան մը կայ. մէկը մէկուն մարդն է, միւսը միւսին մարդն է: Հայաստանի մարդը ո՞վ է: Մարդ Քրիստոսին չի սպասեր քրիստոնէութեան մասին խօսելու համար, բայց քաղաքագէտներ ընտրութիւններու կը սպասեն քաղաքականութեան ճամբով հայրենասիրութեան մասին մեծաքանակօրէն ճառելու համար:

Աճող ժամանակի մաշումին մէջ, հետզհետէ անկման շրջան մը կ՛ապրինք, քանի քաղաքականութեամբ զբաղող մարդիկ զուրկ են քաղաքական ուրոյն ու բիւրեղ մտածումէ ու ըմբռնումէ: Հաւաքական թէ անհատական անկարողութեան ու անյարմարութեան տրամաբանութիւնը եւ անոր մարմնաւորումը համահաւասարօրէն ի զօրու է քիչ մը ամէն տեղ, քիչ մը ամէն պատկերացումի մէջ, ի մասնաւորի ինքզինք յարգող եւ ինքզինք չյարգող քաղաքագէտին համար:

Վստահինք անոնց, որոնք ժողովուրդին մօտ են, ժողովուրդէն կը ներշնչուին եւ ժողովուրդը կը մօտեցնեն ժողովուրդին ու ազգին:

Քաղաքականութիւն ու քաղաքագէտ առատօրէն ու սանձարձակօրէն ամէն տեղ կայ. ամէն ձեւով ու տարածքով` քաղաքական, ազգային, քիչ մըն ալ փիլիսոփայական արժեչափերով: Աւելի յստակ ըսելու համար` քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ քաղաքական ընտրանքի եւ քաղաքականացած մտայնութեան հարց է: Մեր քաղաքագէտները իւրացուցա՞ծ են քաղաքականութեան ու քաղաքագէտի ազգային ու ընկերային մարտահրաւէրներու սղագրութիւնը:

Վերջին ժամանակներուն Հայաստանի մէջ ընդարձակուած են դրամատիրութեան մրցակցութիւնը քաջալերողներ, անկուշտ քաղքենիութեան մէջ շռայլօրէն յղփացողներ, ազատականներ, նորազատականներ, հանրապետականներ, ընկերվարականներ, ընկերվար-դեմոկրատներ, համայնավարներ, կաղապարուած գաղափարներով ազգի պնդագլուխ «փրկարարներ», քաղաքականութեան մէջ բարոյական օրինականացում որոնող պատեհապաշտներ, արկածախնդիրներ: Աւելին, իրենց ինքնութեան ու հեղինակութեան այրած թուղթող կուսակցութիւններ ու ղեկավարներ, բնաւ թուղթ չունեցած ու չունեցող հեղինակազուրկ մարդիկ, մարդ ու մարդկութիւն չունեցող մարդիկ, եւ սկզբունք փոխող` քուէարկող ու քուարկուող շահամոլներու զուգահեռ ճշմարիտ հայրենասէր գաղափարապաշտներ եւ երազապաշտներ: Ի՜նչ հակազդող հաւաստիացում…:

Արկածախնդրութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը կը յորդի Հայաստանի մէջ: Ամէն օր տարբեր ձեւով կ՛ապրիս հոս, ամէն օր տարբեր ձեւով կը մեռնիս հոն: Կեանքդ ու մահդ կը տնօրինեն յոյսի անբարեխիղճ վաճառականներ:

Անհրաժե՞շտ է, որ միշտ ուրիշներ յանցաւոր ըլլան չքմեղանքի քօղով մը պարուրուած անմեղներու եւ ոչ անմեղներու մեր հայրենիքին մէջ:

Վա՜յ եկեր է այն երկրին, որ յոյս կապած է միայն քաղաքագէտներուն. անխուսափելիօրէն պիտի ենթարկուի չիրականացած խոստումներու անցեալի ու բոլոր անցեալներու հիասթափեցնող ճակատագիրին:

Քաղաքագէտները, սովորաբար իրենց նախընտրական ճառերը հայրենաշունչ կարգախօսներով կ՛աւարտեն, զիրենք մտիկ ընողներու ինքնաբուխ ծափահարութիւններուն արժանանալու համար: Վիպագրութիւն բուրող այս ոճը լաւագոյնը կը նկատուի` հանդիսատեսը զրկելու բեմբասացին ճառը քննարկման ենթարկելու հարկադրող փորձութենէն:

Կան քաղաքագէտներ, որոնք ընկերային արտակարգ զգայնութեամբ  վրայ-վրայի ոգեշունչ ու խանդավառող հռետորական ճառեր կը խօսին, առանց սակայն ծանրախոհ բովանդակութեամբ բան մը ըսելու: Թռչող ու չքացող ճառի առաջնահերթութեան կողքին` ձեռներէց գործը երկրորդ եւ երրորդ կարգի վրայ կու գայ: Երբեմն ալ բնաւ չի գար: Չկայ քաղաքագէտ, որ իր ճառին մէջ չգործածէ անսանձ հայրենասիրութեան, տնտեսական ուռուցիկ բարգաւաճման, խեղճացած հանգստեան թոշակներու բարելաւման, գահավէժ մակարդակներու հասնող անգործութեան եւ տնօրինուած ծանր տուրքերու նուազման դէմ պայքարի խոստմնալից ու չափազանցուած բառամթերք: Այդ ալ կրկնուող ու կրկնուող յանկերգային կշռոյթով:

Չե՞նք դիտեր, որ ճառերէն պակսած է այլեւս ազգային գաղափարաբանութեան դրդիչ խօսքը, ներշնչող տեսիլքը, տեսլականը: Կը թուի, թէ այս մէկը իբրեւ նախընտրական ազդու կարգախօս ժամանակավրէպ կը նկատուի: Կը թուի, թէ գաղափարաբանութիւնները տնտեսական արդիւնաբերական զարգացման գործիքներ չեն փոր չեն կշտացներ, քսակ չեն լեցներ: Թերեւս, մասամբ ու մասնակիօրէն ինքնութիւն կը զարգացնեն, բայց ինքնութիւնն ալ, շատոնց է, որ իր անհատականութիւնը կորսնցուցած է վերի պատուանդաններէն վարի սանդխամատները իջնելով: Ու դեռ` գլխիվայր կը գլորի, երբեմն կլոր ու ողորկ, երբեմն քառակուսի ու անողորկ գնդակի մը նման:

Իմացէք. ժողովուրդները բնաւ չեն զարմանար, երբ իրենց ազգի իրական վիճակին մասին իրապաշտ ու ճշգրիտ գնահատականներ կը պարզուին: Ժողովուրդները թերահաւատ կ՛ըլլան, երբ իրենց սխալ ու անճիշդ պատկեր կը պարզուի: Սուտը կը հասկնան ու չեն հանդուրժեր: Խաբէութիւնն ու նենգութիւնը ընդունելի կ՛ըլլան միայն` կեղծ, դրածոյ ու կաշառուած հաւաքականութիւններուն մօտ:

Իմ համոզմամբ, քաղաքացիները պէտք է ստանձնեն քաղաքականութիւնը քաղաքագէտներէն առաջ: Եւ վերջ:

Հիմա, մեր մէջ կուտակուած ամէն տեսակի զայրոյթ դուրս հանելու ժամն է: Ընտրութիւններէն վերջ` դարձեալ կը խօսինք:

* * *

Հայաստանի որոշ քաղաքագէտներ կը ներկայացնեն անձի մը կերպարը, որ իրենց չի պատկանիր. իրենցը չէ, իրական չէ, ոչ ալ գոյատեւելու յոյս ունի մեր կեանքին մէջ: Այդպիսիներուն համար ընտրութիւնները քաղաքական նախընտրութիւն ու ազգային առաջադրանք չեն կրնար ըլլալ:

Եկէք հաստատենք. Հայաստանի մէջ քաղաքականութիւնը յատկացուցիչ ձեւով կը նոյնացնեն քաղաքագէտներուն հետ: Այնքան մը կը նոյնացնեն, որ քաղաքականութիւնն ալ, քաղաքագէտներն ալ զուգակշռօրէն կը ստորագնահատուին, կարգ մը պարագաներու ալ կը նսեմանան: Ստորագնահատման համար, իրենք ու միայն իրենք պատասխանատուութիւն կը կրեն` իրենց անհաշտ ու աններդաշնակ ընտրանքներուն համար:

Եկէք հաստատենք նաեւ, որ քաղաքականութիւն առանց քաղաքագէտի չի կրնար զարգանալ: Ի շահ քաղաքականութեան ու քաղաքագէտի` ժողովրդավարութիւնը այդ ընտրանքին կարելիութիւնը կ՛ընծայէ, մանաւանդ ժողովրդավար (ականացած) գօտեմարտող հասարակութեան մէջ: Որովհետեւ, եթէ գիտենք, կամ եթէ չենք գիտեր, անկախ ամէն ինչէ ու բանէ, այս աշխարհին մէջ ժողովրդավար մաքառող հասարակութիւններ ալ կան:

Կը մաղթեմ, որ անոնք աւելնան ու մտքերու բազմազանութեան ճամբով իրար ոգեւորեն:

Կան նաեւ ո՛չ ժողովրդավար հասարակութիւններ: Կ՛ակնկալեմ, որ անոնք չշատնան, չներշնչեն, չուռճանան:

Հայկական հասարակութիւնը կոչուած է պատասխանելու այն մտասեւեռող հարցին, թէ հայկական ընկերութեան ամբողջութիւնը իսկապէս որքանո՞վ ժողովրդավար է, որպէսզի քաղաքական զուտ գնահատումով մը ի վիճակի ըլլայ զատորոշելու, ապա նաեւ ընտրելու ազգի ճակատագիրը տնօրինելու կոչուած անձերը: Կոչուած է նաեւ բացայայտօրէն պատասխանելու, թէ` հայ մաֆիոզները, թէ՞ հայկական մաֆիոզական մտայնութիւնը աւելի վտանգաւոր է քաղաքական դերեր վերցուցած, թէ քաղաքական դերեր վերցնելու կոչուած մարդոց ու անոնց շրջապատին մօտ:

Նախընտրական շրջանին Հայաստանի մէջ ամէն օր բանի մը պէտք է ընդդիմանաս: Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար: Եւ ընդդիմացող խնդիրներուն համար ամէն վայրկեան պէտք է խօսինք բարձրաձայն, կոկորդ պատռելու չափ ահագնագոռ նողկանքով:

Քաղաքականութեան ու ժողովրդավարութեան համար ամէնէն առաջ ու ամէնէն աւելի` լսելու առընթեր, խօսելու իրաւունք ունի ժողովուրդը: Նման քայլ մը առնուա՞ծ է, որպէսզի ժողովուրդը բաց ականջներով լսուի, ու զինք լսելու պարտաւոր եղող քաղաքագէտը բարոյապէս կաշկանդուի իր հանդիսադրած պահանջները գործադրելու: Եւ այս, որպէսզի հին աղքատներուն տրտում շարունակութիւնը կազմող նոր աղքատներուն կանչը լսուի, նկատի առնուի: Որպէսզի հայրենիքէն հեռացող հին մեկնողներու շարունակութիւնը կազմող նոր մեկնողները միամիտ ու կաղապարուած հայրենասիրութիւն չփնտռեն անհիւրընկալ ուրիշ հայրենիքներու մէջ:

Դեռ որքան պիտի ձեւացնենք տակաւին, թէ չենք հասկնար, որ ժողովուրդը հայրենի քաղաքագէտներէն չափազանց դժգոհ է, հաւատք եւ վստահութիւն չունի անոնց նկատմամբ: Եւ չունի` դեռ շատ ու շատ յեղաշրջող բաներու սպասում:

Ընտրութիւնները միայն պոռթկում արտայայտելու դիպուածային առիթներ չեն. առիթ են մանաւանդ տեսակէտ, կեցուածք ու պատասխանատու քուէ արտադրելու:

Քաղաքականութեան ու ոեւէ քաղաքագէտի ընտրութենէն առաջ ու աւելի, ժողովուրդին տեսակէտը գերակայ ընտրանք պէտք է ըլլայ: Այդ ընտրանքն է, որ հակակշռի տակ պիտի պահէ քաղաքագէտը, մինչեւ իր ասպարէզի աւարտը ու անկէ վերջ ալ: Ո՛վ, որ խոստում ու յանձնառութիւն չի յարգեր, տուն պէտք է երթայ. ի հարկին` բանտ ալ: Հակակշռի ու պատիժի հետեւող գործընթացը պէտք է գնահատուի ժամանակակից կշռադատող ըմբռնումով, մանաւանդ նոր հում նիւթով ու ատաղձով, քանզի հին ու ժանգոտած հում նիւթերով փուճ ու անպատասխանատու խօսքերով հայրենիք չի կառուցուիր: Հինին վրայ հիմնուած քաղաքականութեան այս լեզուն կարծես վերջացած է. հիմա ուրիշ լեզու մը կը խօսուի. հին ու մգլոտած կաղապարները վտանգաւոր դարձած են: Հին տոմսով կարելի չէ նոր ճամբորդութիւն կատարել:

Իրականութիւնը այն է, որ ընտրութիւններու գլխաւոր թեկնածուն քաղաքացին է ու միա՛յն քաղաքացին. ան, որ լաւ կը գնահատէ վնասակար որոմը արգասաբեր ցորենէն զանազանելու յատկութիւնը:

Ժողովուրդին քուէն ապահովելու միտումով ժողովրդային անապահովութիւն ու վախեր ստեղծելու անցեալի «մարտավարութիւնը» առնուազն անպարկեշտութիւն է: Քուէարկողը պէտք է կտրուի անապահովութեան ու վախի իրեն պարտադրուած քաղաքականահնար աճպարարութիւններէ:

Հայը դեռ ի՜նչ պէտք է ընէ դաւաճանուած չզգալու համար իր հայրենիքին մէջ ու հայրենիքէն դուրս:

Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ թափանցիկ քաղաքականութիւնը դիւրին բան է: Ընդհակառակը, շատ դժուար բան է: Հոգ չէ, թէ ատով զբաղողներէն շատեր այդ ասպարէզով, -նաեւ կոչումով-, զբաղելու առարկայական կարողութիւնն ու կարողականութիւնը չի տրամադրեր, բառին բուն իմաստով քուէարկող հասարակութեան յաճախորդի անթափանցիկ ու շահատենչ  պատմուճան հագցնելով:

Կան քաղաքագէտներ, որոնք աւելորդ ու անիմաստ կը համարեն քաղաքական մշակոյթի պատրաստութիւնն ու ուսուցումը: Անոնք սորված չեն, որ ազգային խնդիրներու լուծման մէջ քննադատութիւն ու ինքնաքննադատութիւն, քննարկում ու ինքնաքննարկում չհանդուրժող կամաւոր ու կամապաշտ քաղաքագէտներ` ուշգնօրէն իրար կը հրմշտկեն ասոր-անոր ընտրական ցանկերուն մէջ տեղ մը գրաւելու համար: Այսինքն, մէկ տող վեր, մէկ տող վար, կամ, ի հարկին` յատակը. յաճախ եւ անծայրածիր յատակը ուր պնակալէզներու սեփական աշխարհն է:

Յատկապէս մեր սուղ ժամանակներուն Հայաստանը պէտք ունի տարբեր քաղաքականութեան մը ծառայող իսկական քաղաքագէտներու: Իսկական քաղաքագէտներն ալ ժողովուրդը ինք պէտք է գտնէ ողջմտութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, եւ ոչ թէ յաջորդաբար ձախողած կուսակցութիւններու եւ ղեկավարներու նեխած ցանկերուն մէջէն փութկոտ ընտրանքներ կատարելով:

Ազգային ծառայութեան ճանապարհը մէկ է. մեր աչքին առջեւ է. կը բաւէ նայիլ ու տեսնել. կը բաւէ ինքնամատոյց համոզումով շօշափել ու հպիլ:

Բայց ինչպէ՞ս դիտել ու հպիլ Հայաստանի անէացած քաղաքական պատկերին, որ ոչ յարգանք, ոչ ալ նուազագոյն հիացում կը պատճառէ քաղաքացիներուն: Ամէնօրեայ ճշմարտութեան պէտք է ծառայել գիտակցօրէն: Ճշմարտութիւնը պէտք ունի մէկու մը, որ տեւաբար խօսի եւ մէկու մը, որ տեւաբար լսէ: Պէտք ունի մէկու մըն ալ, որ տեւաբար հաւատայ: Հաւատքն է այսօրուան փրկարար մարտահրաւէրը: Մարտահրաւէրն է հրամայականօրէն սպասելին ու ակնկալելին:

Զգոյշ ըլլանք սակայն. եթէ սխալ քաղաքագէտ ընտրենք, համահաւասարօրէն պատասխանատու պիտի ըլլանք մեր ազգի խորտակուող ապագային հանդէպ:

Հայաստանի որոշ քաղաքագէտներ կորսնցուցած ըլլալ կը թուին իրենց ազգային ուրոյն անկախութիւնը ու կը շարունակեն լաւապէս չզբաղիլ իրենց ժողովուրդին եւ այլ ժողովուրդներու հարցերուն հետ: Ատենէ մը ի վեր հասկցած ենք, որ այդպիսիները մեզի չեն կրնար զարմացնել: Իսկութեան մէջ չզարմացուցին երբեք:

Եթէ ազգային մտածողութեամբ ժամանակակից ու արդիւնաւոր երկիր պիտի ստեղծենք, չենք կրնար ապաւինիլ յարդէ կազմուածքով մարդոց դիւրաբեկ կերպարին:

Քաղաքականութիւնը մեր ազգի ժառանգութիւնն է. որեւէ կուսակցութիւն չի կրնար կամայականօրէն զայն շրջանցել: Բայց այդ ժառանգութիւնը ատենէ մը ի վեր դաւաճանուած է. քաղաքագէտներու սխալները կը շարունակեն ի վնաս մեր ազգային ու գաղափարական առաջադրանքներուն: Վստահութիւնը խախտած է. ժողովուրդը չի ներշնչուիր` իբրեւ թէ իրեն փոխանցուած պատգամներէն: Ժողովուրդը ունի իր սրտին խօսող պատգամները եւ մինչեւ վերջ հաւատարիմ պիտի մնայ անոնց: Մարդ մեքենայ չէ, որ ուզած ատենդ լարես. նախ եւ առաջ զգացում ունի ու դատողութիւն. կ՛ազդէ ու կը հակազդէ. կը կառավարուի ու կը կառավարէ:

Փաստուած է, որոշ քաղաքագէտներու համար քաղաքականութեամբ զբաղիլը նորոյթ է, իսկ արժէքներով ու պատմութեամբ զբաղիլը յետամնացութիւն եղած է: Եկէ՛ք կրակին վրայ յաւելեալ իւղ չթափենք, որովհետեւ նոյն կրակը բոլորս պիտի այրէ: Հարց տանք սակայն. քանի՞ հայ քաղաքագէտներ ազգային ու քաղաքական առաքինութիւններ կը պահեն իրենց սրտին մէջ: Քանի՞ քաղաքագէտներ թրծուած են մեր ազգի սրբագործուած թթխմորով: Անոնցմէ քանինե՞ր կը հիանան մեր պատմութեան վրայ: Գիտէք չէ՞. հայ ժողովուրդի բովանդակ ինքնութիւնը խմորուած է իր պատմութեան հետ` պատմութիւնը ազգի ինքնութեան վերածելով:

* * *

Ներսի եւ դուրսի հայեր ունինք, բայց ներսի եւ դուրսի հայերուն համար Հայաստանը բոլորի հայրենիքն է: Քուէարկող թէ չքուէարկող հայերուն համար Հայաստանը հոգեմտաւոր նոյն զրահուած արժէքը ունի: Ուրիշ ազգերու համար բոլորովին այդպէս չէ: Կարելի է, մեզմէ քիչ, կամ մեզմէ քիչ մըն ալ աւելի է: Բայց հայու հայրենասիրական կապուածութիւնը բնազանցական ուրիշ կաղապարով շինուած է. made in Armenia է:

Ընտրութիւնները ընտրանք չեն. իրաւունք են. մանաւանդ հաւաստիք:

Որեւէ իրաւունք, ոեւէ մէկու առանձնաշնորհումը չէ: Առանձնաշնորհեալ դահիճներու կարիքը չենք զգար: Բայց այդ իրաւունքէն ի՞նչն է, որ պիտի կորսնցնենք աւելի. այն` ինչ որ մեր անառարկելի ու անսակարկելի իրաւո՞ւնքն է, թէ՞ այն` որ ժամանակէ մը ի վեր կարեւոր ըլլալէ դադրած է մեզմէ շատերուն համար: Ընտրութեան վերաբերող հարցերուն մէջ պէտք է շատ լաւ ըմբռնենք պատուաստող իրաւունքին իմաստը. պատուաստուող դիմադրութեան ու հաստատակամութեան իմաստը: Պիտի կարենանք ճիշդ գնահատել, թէ ի՞նչն է անհրաժեշտն ու կարեւորը, ի՞նչն է սնանկացողն ու անպէտքը: Գուցէ իրար քիչ մը աւելի յարգենք եթէ հայկական շահը գերադասենք անհատական շահէն ու ինքնամոլ սնափառութենէն: Գուցէ բուժենք վարակող փտախտութիւնը եւ զայն աճեցնող ապառողջ դրութիւնը: Գուցէ մերժենք թիւրիմացաբար դրսեւորուող կամ չդրսեւորուող իմացականութիւնը, որ պահպանեց մեր ազգը իր լաւ եւ գէշ կողմերով, խաւերով, իր մարդկային եւ հազուադէպօրէն անմարդկային երեսներով:

Մեր միտքն ու հոգին աւանդաբար կաշկանդող կապանքները թօթափենք: Մերժելու իրաւունքը միայն մերն է: Դիւրութեամբ ուրիշին չզիջինք:

Հայաստանը դարձեալ Հայաստան ընենք:

* * *

Երկրի մը մէջ լուսաւոր դէմքով ու բանիմաց կարողութիւններով երիտասարդ մը իր թեկնածութեան աֆիշը փակցուցած էր փողոցի մը սպիտակ պատին վրայ: Զինք լաւ ճանչցողներէն ու յարգողներէն մէկը աֆիշին տակ ածուխով գրած է.

– «Մի՛ քուէարկէք. պարկեշտ է»…:

* * *

Պատերազմի ժամանակ, գնդապետ մը, ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ իր զինուորներուն խրախուսելու համար հետեւեալ մարտակոչը կը յայտարարէ.

– «Յարձակեցէ՛ք. Աստուծոյ օգնութեամբ ոչնչացուցէք բոլորը»:

Այսպիսի բան մըն ալ կը պատահի այսօր Հայաստանի մէջ: Աստուծոյ օգնութեամբ…

Վաղուան Հայաստանը ճնշիչ կերպով կը սեղմէ ստամոքսիս. վստահ չեմ բնաւ, որ ընտրութիւններէն վերջ հայրենիքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ:

 

Աթէնք

Share this Article
CATEGORIES