Եւրօ-2012. Մնացած Է Միայն 18 Հազար Տոմս
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելուն մնացած է միայն 23 օր եւ մրցումներուն վերջին 50 հազար տոմսերէն արդէն իսկ մնացած է միայն 18 հազար տոմս:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին համաձայն, 7 մայիսին հրապարակ իջած են վերջին 50 հազար տոմսերը, որոնց մեծ մասը Ուքրանիոյ կատարելիք մրցումներուն համար է: Ասիկա բնականաբար ենթադրել կու տայ, որ այդ տոմսակները գնողներուն մեծամասնութիւնը ուքրանացիներն են:
CATEGORIES Մարզական

