Յառաջիկայ 22 Մայիսին Լիբանանի Պասքեթպոլի 19 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ազգային Խումբի Ժողով

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 22 մայիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը ժողովի մը հրաւիրուած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ):

Այս ժողովին պիտի խօսուի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան պատրաստութիւնները խումբին, որ յառաջիկայ 11-15 յունիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Այս ժողովին հրաւիրուած մարզիկներն են` Ֆետի Խաթիպ, Ժան Ապտել Նուր, Ժատ Պիթար, Ալի Մահմուտ, Ալի Քանաան, Ուիլիըմ Ֆարես, Էլի Սթեֆան, Մոհամետ Իպրահիմ, Պասել Պուժի, Էլի Ռըսթոմ, Սամեր Մըշարրաֆ, Ռոտրիք Աքըլ, Շարլ Թապեթ, Ղալեպ Ռիտա, Ռոյ Սըմահա, Նետիմ Սայիտ, Հիւսէյն Խաթիպ, Ալի Ֆախրէտտին եւ Ահմետ Իպրահիմ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES