Ըստ Armsport.Am-ի Հայաստանի Լաւագոյն Լողորդը Կրնայ Դուրս Մնալ Ողիմպիականէն
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ հայկական լողը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր ճգնաժամի մէջ է, Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերու լողարշաւի մրցումներուն կրնայ յատուկ հրաւէրով մը մասնակցիլ:
Կը սպասուի, որ այս խաղերուն Հայաստան տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն ունենայ մէկական մասնակցող:
Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնը կ՛ուզէ, որ տղոց մրցումներուն մասնակցի Միքայէլ Քոլոյեան: 29 տարեկան Քոլոյեանի Լոնտոն մեկնելուն դէմ է Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնի մարզիչ Միսաք Գաբրիէլեան` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ախոյեանն է 16 տարեկան Վահան Մխիթարեան:
Արդեօք երկու կողմերը պիտի յաջողի՞ն իրարու հետ լուծում գտնել:
CATEGORIES Մարզական

