Լիբանանցի Հըտրոժ Վկայեալ Մարզիչ` Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Կողմէ

Լիբանանցի Մոհամետ Հըտրոժ, որ գերմանական հպատակութիւն ունի եւ անցեալին մաս կազմած է գերմանական Էս. Ֆաու. Ֆորթ խումբին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած մարզիչներու տարեկան քննութիւններուն յաջողելով ստացաւ մարզիչութեան յատուկ վկայագիր:

Մարզիչութեան վկայագիր ստանալէ ետք, Գերմանիոյ ֆետերասիոնը Հիսըն Լարցըն Պախ եւ Պրենթի նահանգի շրջանի խումբերէն մէկուն մարզիչ նշանակեց Հըտրոժը` կոկիկ ամսականով մը:

Նախապէս Նըժմէի մաս կազմած Հըտրոժ թէեւ 2004-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն առաջարկ մը ստացաւ, սակայն որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Գերմանիոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES