Ըստ Panarmenian.Net-ի Ահմատինեժատ Կ՛Ըսէ, Որ Անգլիա Իրեն Արգելք Կը Հանդիսանայ Ողիմպիական Խաղերուն Ներկայ Գտնուիլ

Մէջբերելով իրանեան լրատու գործակալութիւններուն կատարած յայտարարութիւնները` PanArmenian.Net կը յայտնէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարած է, որ Անգլիոյ իշխանութիւնները իրեն արգելք կը հանդիսանան, որպէսզի 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն ներկայ գտնուի:

«Կը փափաքէի Անգլիոյ մէջ ներկայութեամբս զօրավիգ կանգնիլ իրանցի մարզիկներուն, սակայն անգլիական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ իմ ներկայութիւնս ցանկալի չէ: Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, որ մեր մարզիկները Լոնտոնի մէջ մեծ յաջողութիւններ ձեռք պիտի ձգեն»:

Share this Article
CATEGORIES