Աթլեթիզմ. Այսօր Եւ Վաղը` Փոքրերու Ախոյեանութիւն
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի փոքրերու ախոյեանութեան մրցումները:
Անոնք տեղի պիտի ունենան Միրիամիին (Տիք Մըհտի) եւ Ժամհուր ակումբներուն դաշտերուն վրայ:
Առաջինին դաշտին վրայ, այսօր միայն, կէսօրէ առաջ տեղի պիտի ունենան մրցումներ, մինչ երկրորդին դաշտին վրայ այսօր եւ վաղը` յետմիջօրէներուն:
CATEGORIES Մարզական

