Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղաքը Արձանագրեցին Չորս Յաղթանակ

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուանի մրցումները:

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որոնք նախանցեալ օր յաջորդաբար յաղթած էին Անդրանիկ Պէյրութի (3-2) եւ Շանվիլի (3-0), երէկ եւս արձանագրեցին երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Պլու Սթարզը (3-0) եւ Քֆարշիման (3-0):

Մրցումները կը շարունակուին շաբաթավերջին` մասնակցութեամբ 12 խումբերու:

Նշենք, որ այսօր, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ կը սկսին նաեւ աղջկանց մրցումները:

 

Share this Article
CATEGORIES