Կիրակնօրեայ Խօսքը. Տողերուս Վրայ Կրնաս Քմծիծաղիլ…
Սիրելի՛ ընթերցող, այս կիրակնօրեայ թուականը, մայիս 13, ինծի կը յիշեցնէ այն արտակարգ դէպքը 1917-ի, որուն մասին կը փափաքիմ գրել` քեզի ձգելով իրաւունքը քմծիծաղելու իմ յաջորդ տողերուս վրայ…
Փորթուգալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ 13 մայիս 1917-ին դիպած արտակարգ պատահարին յաջորդեցին արտակարգ հինգ պատահարները` յունիս, յուլիս, սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր 13-ին, իսկ երրորդը` օգոստոս 19-ին:
Այս վեց թուականներուն Մարիամ Աստուածածինը տեսնուեցաւ եւ խօսեցաւ երեք փոքրերու, որոնց անուններն են` Լիւսիա (1907-2005), Փրանկիսկոս (4 ապրիլ 1919-ին) եւ Յակինթա (20 փետրուար 1920-ին): Իբրեւ պատրաստութիւն այս մարեմեան տեսիլքներուն, արդէն մէկ տարի առաջ, 1916-ի ամառը, երեքին քանիցս երեւցած էր Տիրոջ հրեշտակը, որ անոնց սորվեցուցած էր աղօթք մը` ի պատիւ Ս. Երրորդութեան:
Ֆաթիմայի երեւումները նորութիւն չէին, որովհետեւ անոնցմէ առաջ, նոր դարերուն մէջ 1531-էն սկսեալ, Տիրամայրը բազմիցս տեսնուած էր զանազան տեղեր ու տարբեր անձերու:
Ճիշդ է, որ թէպէտ մարեմեան երեւումները չեն յայտնեալ ճշմարտութիւններ, որոնք աւարտեցան վերջին առաքեալին` Ս. Յովհաննէսի վախճանումով, բայց եւ այնպէս մեզի կրնան օգնել զանոնք աւելի լաւ հասկնալու եւ անոնց համաձայն աւելի լաւ ապրելու:
Եկեղեցիէն պաշտօնապէս ճանչցուած մարեմեան տեսիլքները կը հասկնամ իբրեւ վկայութիւն Աստուածամօր միջնորդութեան` անձկութեան մատնուած, օգնութիւն ու սփոփանք փնտռող մարդերուն համար, իբրեւ ապացոյց Սիրամօր առաջնորդական դերին դէպի Աստուածորդին, իբրեւ զօրացում հաւատքին Մարիամի կուսամայրութեան նկատմամբ Եկեղեցիին, հաւատացեալներուն եւ «ամենայն կենդանեաց» (Ծն. 3,20), որոնք կը կազմեն Քրիստոսի «խորհրդական մարմին»-ը:
Արդ, այս ճշմարտութիւններուն դիմաց, կը դառնամ Ֆաթիմային, որուն երեւումներն ընդունուած են Ս. Եկեղեցիէն, կը լրացնեն վերի իմացութիւնները, կ՛արծարծեն աստուածապաշտութիւնը, կը բովանդակեն առարկայական պատգամները` նկատմամբ ոչ միայն հաւատացեալներուն կեանքին, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան պատմական ընթացքին:
Այո՛, Ֆաթիմայի երեւումները ունին թէ՛ ներկայախօսական բնոյթը եւ թէ՛ վախճանախօսական հանգամանքը, որովհետեւ այսօրուան ու վաղուան մասին անոնց պատգամները միայն առնչուած են մարդկութեան ներկային հետ, որ կը պատրաստէ ապագան աշխարհին:
Ֆաթիմայի մէջ Մարիամ Ս. Կոյսին պատգամներուն վրայ կերտուած ներկան կ՛ապահովէ աստուածահաճոյ ապագան մարդերուն, որոնք, սակայն, ընթացք տալու են Տեսլամօր յորդորներուն. անոնց սիրայորդոր պարունակը կը կազմեն աղօթքը, դարձը, զղջումը, ապաշխարանքը, հատուցումը, քաւութիւնն ու բարի վարքը մարդերուս:
Պիտի աղօթենք եւ յատկապէս պիտի ըսենք վարդարանը, ինչպէս խնդրեց Տիրամայրը, որ 17 հոկտեմբեր 1917-ին բացայայտեց ու հռչակեց ինքզինքը «Թագուհի սուրբ վարդարանի»:
Դարձի պիտի գանք եւ վերադառնանք Աստուծոյ, որ մարդը լոկ սիրելէն` մտահոգ է մարդուն յաւիտենական փրկութեամբ, զոր վտանգած է իր վատ ապրելակերպով:
Պիտի զղջանք եւ ապաշխարենք թէ՛ մեր մեղանչումները եւ թէ՛ ուրիշներու գործած մեղքերը, որպէս զի արժանի ըլլանք ունենալու անդորրութիւնը մեր անձերուն, մարդերուն եւ խաղաղութիւնն արար աշխարհին:
Պիտի հատուցանենք ու քաւենք թէ՛ մեր հոգեկան սայթաքումները եւ թէ՛ մարդերու բարոյական անկումները, որոնք մեզ ու բոլորը կը դարձնեն ենթակայ աստուածային արդարութեան ու պատուհասին:
Պիտի ունենանք բարի վարքն ու պիտի ապրինք բարի կենցաղով, որոնց աստենական ներկային եւ ապագային մէջ լոկ պիտի կարենանք ուղղուիլ Աստուծոյ յաւերժական սիրոյն, վարձատրութեան ու համակեցութեան:
Ահա, ասոնք են գլխաւոր պարունակը հինգ «պիտի»-ներուն Ֆաթիմայի Տիրամօր, որ, «ի վերուստ» առաքուած իր Աստուածորդիէն, լաւագոյնս գիտէ իր պատգամներուն ճշմարտացիութիւնն ու լրջութիւնը. անոնց անտեսումին պարագային մարդերուս կողմէ` յաջորդեցին, ինչպէս, օրինակի համար, Տեսլամօրմէն նախատեսուած Համաշխարհային Բ. պատերազմը (1939-1945), եւ դեռ պիտի յաջորդեն համատարած թշուառութիւնը, աւերումն ու մահը…
Կրնաս քմծիծաղիլ, ըսի վերը: Հոս ալ կ՛ըսեմ, թէ կրնաս ժպտիլ: Սակայն, եթէ քմծիծաղդ թերահաւատութեանդ դրսեւորումն է, ապա կ՛աղքատանաս եւ կ՛աղքատացնես, իսկ ժպիտդ եթէ հաւաստումիդ արտայայտումն է, ապա կը հարստանաս եւ կը հարստացնես…
Ուղի՛ղ ընտրութիւնը ներկային եւ ապագային մէջ քու սէրդ է, քու երջանկութիւնդ է, քու յաւերժութիւնդ է…: Քեզի յիշեցնեմ ֆրանսացի աշխարհահռչակ խորհող թատերագիր, վիպասան եւ բանաստեղծ Փոլ Քլոտել (1868-1955) «Ֆրանսական ակադեմիայի»-ի յայտնի անդամին ու վաստակաշատ դիւանագէտին այս ուղիղ սահմանումը. «Ֆաթիմա մեծագոյն կրօնական պատահարն է քսաներորդ դարուն առաջին կէսին եւ գերբնականին ամէնէն յորդառատ հեղեղումը` նիւթէն ու նիւթականէն բռնուած այս աշխարհին մէջ»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 13 Մայիս 2012

