Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Նափոլի Տիրացաւ Տիտղոսին

Երէկ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Նափոլի եւ Եուվենթուս:

Նափոլի արգելք հանդիսացաւ, որ ախոյեան Եուվենթուս տուպլէ մը իրագործէ` նկատի ունենալով, որ անիկա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Վերջին 22 տարիներուն ընթացքին անիկա կարեւոր մրցաշարքի մը տիտղոսին չէր տիրացած: Էտինսոն Քաւանի (63-րդ` փենալթիով) եւ Մարեք Համսիք (83-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին երկու անպատասխան կոլերը: 89-րդ վայրկեանին Եուվենթուսի մարզիկներէն Ֆապիօ Քուակլիարելլա կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Share this Article
CATEGORIES