Ակնարկ. Գնահատականներ` Ինքնակառավարման, Խորհրդարանական Եւ Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասին

Միացեալ Նահանգներու դեսպանին գնահատականը` Հայաստանի խորհրդարանական  ընտրութիւններուն մասին, նախատեսելի էր: Որոշ ուշացումով, ընտրութիւններէն տասնմէկ օր ետք կատարուող այս յայտարարութիւնը նախ փորձ կը կատարէ յայտարարութեան բովանդակութեան քաղաքական էութեան վրայ քող ծածկելու, այն իմաստով, որ ընտրութեան օրը կամ անկէ անմիջապէս ետք կատարուած նման գնահատական մը աւելի բացայայտ կը դարձնէր մօտեցումին քաղաքական էութիւնը: Ձեւով  մը` նախապէս պատրաստուած զեկուցումի մը անմիջական հրապարակումով կրնար մեկնաբանուիլ անիկա:

Գնահատականին համեմատական ուշացումը խաբուսիկ է եւ ի սկզբանէ կը նախանշէ անոր կանխապատրաստուած ըլլալը: Անցնինք սակայն:

Նախ տեսնենք, թէ ամերիկացի դիւանագէտը ճիշդ ի՞նչ կ՛ըսէ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւներուն մասին. «Մենք ուշադրութեամբ եւ մօտիկէն հետեւեցանք ընտրութիւններուն: Կը կարծենք, որ մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է. մեծ յառաջընթաց քանի մը առանցքային ուղղութիւններու մէջ` լրատուամիջոցներէն օգտուելու առումով վիճակը շատ աւելի լաւ էր, քան անցեալին, եւ ասիկա լաւ բան է, ընտրատեղամասերուն մէջ ամէն ինչ ըստ կարգի էր եւ թափանցիկ, յանձնախումբերու անդամները պատրաստուած էին, ընտրատեղամասերուն մէջ տեսախցիկներ տեղադրուած էին: Այսինքն` շատ դրական զարգացումներ կային այս ընտրութիւններուն»:

Սակայն… կը շարունակէ. «Միեւնոյն ժամանակ որոշ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի դէտերը զանոնք յստակօրէն նշած են»: Ըստ դեսպանին, ընտրակաշառքները եւ վարչական աղբիւրներու չարաշահումը լուրջ խնդիր կը շարունակեն մնալ: Ան ընդգծեց որոշակի աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ:

Փորձենք մնալ յայտարարութեան բովանդակութեան տրամաբանութեան մէջ: Ընտրակաշառքներով, վարչական լծակներու չարաշահումով, որոնք լուրջ ու նկատառելի են, այս ընտրութիւնները մեծ յառաջընթաց ապահոված են, որովհետեւ համեմատած անցեալին բոլոր ուժերը կրցած են հաւասարապէս օգտուիլ լրատուամիջոցներու ընձեռած առիթներէն: Այս մեծ յառաջընթացը միայն լրատուամիջոցներու գործօնին հետ կապուած չէ. կը նշուի իբրեւ հիմնաւորում, որ ընտրատեղամասերուն մէջ ամէն ինչ թափանցիկ էր` շնորհիւ այնտեղ տեղադրուած տեսախցիկներուն:

Ամերիկացի դեսպանին կատարած յայտարարողական ոլորապտոյտը կարելի է պարզօրէն բանաձեւել շրջանառութեան մէջ դրուող կուռ ըսելաձեւով. «Լցոնումները» փոխանակ քուէատուփերուն այս անգամ կատարուած էին ընտրատեղամասերուն մէջ»: Սակայն մինչեւ ընտրատեղամաս հասնիլը այդ նոյն դեսպանին նշած ընտրակաշառքներն ու վարչական լծակները արդիւնաւէտ աշխատած էին: Ազդեցութեան միեւնոյն գործօններու կամ քուէներու ուղղորդման ձեւերը պարզապէս հանգրուանային փոփոխութեան ենթարկուած էին: Զանգուածային քուէն ձեւաւորուած էր ու կողմնորոշուած մինչեւ ընտրատեղամաս հասնիլը, ուր պէտք էր ցուցադրուէր քաղաքակիրթ պահուածք, առանց միջադէպի, առանց «լցոնումի»: Դեսպանին իսկ նշած ազդեցութեան գործօններու ալիքին տակ կողմնորոշուած առկայ քուէարկողը հասած է ընտրատեղամաս, ուր տեսախցիկներու առջեւ կատարած է «թափանցիկ» եւ «ազատ» քուէարկութիւն:

Դեսպանին գնահատականը կը վերաբերի ուրեմն ընտրատեղամասին առջեւ կատարուած բեմականացումին: Եւ կը համընկնի անշուշտ իշխանութիւններուն յայտարարած այս ընտրութիւններուն որակական փոփոխութիւն բերելու յանձնառութեան: Մինչեւ տեղամաս հասնելու բաժինը խնամքով անուշադրութեան մատնուած է ամերիկացի պաշտօնատարին կողմէ:

Դեսպան Հեֆըրնը սակայն, իր յայտարարութիւններուն մէջ հետեւողականութիւն ցուցաբերած է : Իր գնահատականի դրական շեշտադրումները ակներեւ էին նաեւ ինքնակառավարման մարմիններու եւ յատկապէս Հրազդանի շրջանի ընտրութիւններուն վերաբերեալ, որոնց անձամբ հետեւած էր ամերիկացի դիւանագէտը:

Դրական առանցքը ընդգծող շեշտադրումներուն մէջ կորսուող բացասական երեւոյթներու բաժինը պարզապէս ԵԱՀԿ-ի դէտերուն զեկուցումին համաձայնիլն ու անոր չհակադրուիլը կը նախանշէ. Ինչ որ դարձեալ զուտ քաղաքական բացատրութիւն ունի:

Այս բոլոր պատճառները նշելով կարելի է վերահամոզուիլ, որ դեսպանին յայտարարութիւնը անակնկալ չէր.եւ ոչ միայն անակնկալ չէր, այլեւ սպասելի էր: Եթէ քաղաքական առումով կտրուկ փոփոխութիւններ չըլլան, արդէն կարելի է նախատեսել, թէ մօտաւորապէս ի՞նչ պիտի յայտարարէ դեսպան Հեֆըրնը կամ նոյնիսկ զինք փոխարինողը, յառաջիկայ տարի` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք. թերեւս ալ որոշ  ուշացումով: Մանաւանդ որ դեսպան Հեֆըրն կ՛ընդգծէ որոշակի աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը` յառաջիկայ ընտրութիւններէն առաջ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES