Լիբանանի Արագ Ճատրակի Խմբային Ախոյեանութիւն. Անսար Պէյրութ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Երէկուան մրցումներէն

Երէկ Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 խումբեր: Անոնք են` Անսար Պէյրութ, Թանմիէ, Ֆրերներ, Լիբանանեան բանակի հաւաքական, Նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներ, ՀՄԸՄ, Ռիատի, Մաշարիհ, Մուլթաքա, Արապիէ, Հուտուտ, Քապաս, Ահլի Սայտա, Ժամհուր, Նասեր Պար Էլիաս եւ Արարատ:

Առաջին հանդիսացաւ Անսար Պէյրութ (21 կէտ, 7 յաղթանակ), իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտները (18 կէտ) եւ Ֆրերներ (15 կէտ): Լիբանանեան բանակի հաւաքականը հանդիսացաւ չորրորդ (13 կէտ), իսկ հինգերորդ` Նասեր Պար Էլիաս (12 կէտ): ՀՄԸՄ 9 կէտով (3 յաղթանակ եւ 4 պարտութիւն), գրաւեց 11-րդ դիրքը:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ը ներկայացուցին Րաֆֆի Ճիկերեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Ժիրայր Օգնայեան, Օհաննէս Արամալի, Նարեկ Նաճարեան եւ Հրակ Գըլըպոզեան:

Լիբանանեան բանակի հաւաքականին մաս կը կազմէր` Գրիգոր Օգնայեան:

Ստորեւ կու տանք այս ախոյեանութեան մասնակցած կարգ մը կարեւոր ճատրակ խաղացողներուն անունները.

Ֆետի Իտ, Ժիուան Պաքըր, Ամրօ Ժաուիշ (Անսար), Ֆայսալ Խէյրալլա, Իպրահիմ Շահրուր (Ֆրերներ), Ահմետ Նաժժատ (Լիբանանեան բանակի հաւաքական), ինչպէս նաեւ ուրիշներ:

Share this Article
CATEGORIES