«Չեմփիընզ Լիկ». Չելսի Տիրացաւ Տիտղոսին

Շաբաթ, 19 մայիսին, Միւնիխի մէջ (Գերմանիա) գտնուող Ալիանց Արենա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Չելսի եւ Պայէրն Միւնիխ:

Գերմանացիք 83-րդ վայրկեանին բացին մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Թոմաս Միւլըրի: Սակայն մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ Տիտիէ Տրոկպայի նշանակած հաւասարութեան կոլը պատճառ դարձաւ, որ մրցումը երկարաձգուի: 95-րդ վայրկեանին Արժեն Ռոպեն գտնուեցաւ բաւական անբախտ, երբ ի նպաստ Պայէրնի փենալթին չյաջողեցաւ կոլի վերածել:

Նկատի ունենալով, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:

Անգլիացիք 4-3 արդիւնքով յաղթական դուրս եկան այս ճակատումէն` արգելք հանդիսանալով, որ Պայէրն հինգերորդ անգամ ըլլալով տիրանայ այս տիտղոսին:

Չելսի, որ 2008-ի աւարտականին փենալթիներով պարտուած էր Մանչեսթըր Եունայթըտէն, այսպիսով հանդիսացաւ լոնտոնեան առաջին խումբը, որ կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան:

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարն էր փորթուգալցի Փետրօ Փրոյենքա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES