Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անիպալ Զահլէ – Հուփս Բաժակի Աւարտականի Մրցումը

Անիպալ Զահլէ - Շանվիլ մրցումէն (PROFOTO)

Այսօր` երկուշաբթի, 21 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Անիպալ Զահլէ եւ Հուփս: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին:

Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար երեկոյեան ժամը 19:30-ին, սակայն որպէսզի անիկա ուղղակիօրէն պատկերասփռուի, մրցումին ժամը փոփոխութիւն կրեց:

Նշենք, որ Անիպալ Զահլէ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց, երբ երէկ, 88-76 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի նոր ախոյեան հանդիսացած Շանվիլը: Նշենք, որ Անիպալ Զահլէ ցարդ պաշտօնական տիտղոսի մը չէ տիրացած իր պատմութեան ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES