Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Բերդաձորի Եւ Քաշաթաղի Ազատագրման 20-Ամեակը
20 տարի առաջ Քաշաթաղի ազատագրումով ամրագրուեցաւ Հայաստանին միանալու գաղափարը, հոգեպէս Հայաստանին վերամիաւորուած փոքրիկ Արցախը 1992-ի այդ օրը ֆիզիքապէս ալ միացաւ մայր Հայաստանին:
Շուշիի ազատագրումէն եւ Ջանհասան, Քէօսալար գիւղերու կրակակէտերը ճնշելէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերը ձեռնամուխ եղան Բերդաձորի ենթաշրջանի եւ Քաշաթաղի ազատագրման: Լիսագոր-Բերդաձոր գիծով ռազմական գործողութիւնը սկսաւ հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւններով` խճուղիի աջ եւ ձախ կողմերու եւ Ջանհասան-Քէօսալար գիւղերէն: Ճնշելով միայն 2 գիւղերուն մէջ հակառակորդի դրսեւորած դիմադրութիւնը` վերահսկողութեան տակ առնուեցան Շուշիի շրջանի շուրջ 17 գիւղեր: Այնուհետեւ, հարուածային զօրախումբերը դուրս եկան դէպի Լիսագորէն աջ եւ ձախ ինկած բարձունքները:
Լիսագոր-Մեծ Շէն-Հին Շէն գիծով յարձակումը շարունակեցին Ակնաղբիւրի, Աւետարանոցի, Շոշի, Սղնախի, ՀՅԴ-ի վաշտերը եւ այլ ստորաբաժանումներ եւ առանց մեծ դիմադրութեան ազատագրեցին Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերը:18 մայիսին առաւօտեան, հրետանային նախապատրաստութենէն ետք, Ինքնապաշտպանութեան ուժերու կազմաւորումները յարձակման անցան Լաչինի ուղղութեամբ եւ վերահսկողութեան տակ առին զայն:
Անցեալ ուրբաթ օր Քաշաթաղի կեդրոն Բերձորի մէջ իսկական տօն էր.քաշաթաղցիները կը տօնէին քաղաքի ազատագրման 20-ամեակը: Տօնական ձեռնարկներուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Տօնական ձեռնարկին ժամանակ Քաշաթաղի ազատագրման մասնակցած շարք մը ազատամարտիկներ պարգեւատրուեցան Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին եւ Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կողմէ:

