Թուրքիոյ Համալսարանները Իրերայաջորդ Կերպով Կը Կազմակերպեն Հայկական Հարցին Նուիրուած Աշխատաժողովներ. Չանգըրըի Գարաթեքին Եւ Էրզրումի Աթաթիւրք Համալսարաններուն Մէջ Պաշտպանուեցան Թուրքիոյ Պաշտօնական Տեսակէտները

Գարաթեքին Համալսարանին Մէջ

«Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ համալսարաններ ստանձնած ըլլալ կը թուին Հայկական հարցին մէջ պետական տեսակէտը պաշտպանելու ու պաշտպանութեան այդ գործողութեան գիտական պատմուճան տալու պարտականութիւնը: Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ ցրուած համալսարանները իրերայաջորդ կերպով կը կազմակերպեն հայկական պնդումներուն դէմ աշխատաժողովներ, որոնց գլխաւոր նպատակն է ժխտել հայոց կողմէ ցեղասպանութեան մասին եղած պնդումները:

Ասոնցմէ մէկն է Չանգըրըի Գարաթեքին համալսարանը, որուն երդիքին տակ աշխատաժողով մը կազմակերպեցին «Ապագայի ակադեմականներու հաւաքականութիւն» կոչուած մարմնի մը անդամները: Համալսարանի դասախօսներէն Կալիպ Չաղ իր բանախօսութեան նիւթ դարձուց հայերու Անատոլու գալը, Օսմանեան պետութեան շրջանին հայերու կարգավիճակը, այն խաղերուն զորս օտար պետութիւններ սարքեցին հայերուն վրայ: Չաղ դիտել տուաւ, որ Հայկական հարցի լուծման համար պայման է այդ հարցը լաւ ու ճիշդ հասկնալ: Ան պնդեց նաեւ, որ Թուրքիոյ հայրենակիցները Հայկական հարցի մասին խօսելու ընթացքին պէտք է ըլլան շատ ուշադիր ու զգայուն:

Օրուան բանախօսն ալ ուրեմն կրկնեց պետութեան այն պաշտօնական տեսակէտը, թէ Հայերու տեղահանութեան ընթացքին բոլոր միջոցները առնուած էին տեղահանուածներուն ապահովութեան ու բարօրութեան համար: «Տեղահանութեան օրէնքը արդէն ինքնին կը փաստէ, թէ Հայկական հարցին համար կարելի չէ գործածել ցեղասպանութիւն բառը, որովհետեւ Տեղահանութեան օրէնքը ապահովութեան տակ կ՛առնէր տեղահանուած հայերուն նիւթական կարիքներն ու կեանքի անվտանգութիւնը», ըսաւ ան: Չաղ պնդեց նաեւ, որ տեղահանութեան ենթարկուած չեն կիները, մանուկները, նաեւ զինուորները:

Չաղ խօսեցաւ հիմնուելով հետեւեալ տրամաբանութեան վրայ: «Եթէ այդ շրջանի ղեկավարները ցեղ մը ամբողջովին բնաջնջել ուզած ըլլային, այդ ցեղին կեանքի անվտանգութեան մասին միջոցառումներ կ՛ընդունէի՞ն, թէ՞ պարզապէս մէկ անգամէն ուղղակի կը բնաջնջէին»: Չաղ, առանց անդրադառնալու, թէ ի՛նչ եղած է բոլոր այս օրէնքներուն ու միջոցառումներուն գործնական հետեւանքը եւ թէ ի՛նչ չափով գործադրուած են օրէնքով նախատեսուած ապահովութեան հրահանգները, պնդեց, որ պէտք է լաւ ուսումնասիրուի վերի այն հաստատումը, թէ տեղահանութեան կազմակերպիչներուն նպատակը ցեղասպանութիւնը չէր: 24 ապրիլը հայերուն կողմէ ցեղասպանութեան գործադրութեան թուական կը նկատուի պարզապէս անոր համար, որ 24 ապրիլին փակուեցան հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններու կեդրոնները:

Կալիպ Չաղէն ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ համալսարանի դասախօսներէն տոքթ. Ռեհա Եըլմազ, որ ըսաւ, թէ աշխատաժողովին նպատակն է փաստաթուղթերու հիման վրայ երիտասարդներուն բացատրել, թէ ի՛նչ է Հայկական հարցին էութիւնը եւ ապահովել, որ երիտասարդները բաւականաչափ զգայուն դառնան այս հարցին առնչութեամբ:

Աթաթիւրք Համալսարանին Մէջ

Էրզրումի «Աթաթիւրք» համալսարանին մէջ ալ կազմակերպուած էր «Առաջին միջազգային թուրք- հայ յարաբերութիւններու եւ մեծ ուժերու համագումար»-ը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սաքարիա համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Հալուք Սելվի: Սելվի պնդեց, որ հայերը, փոխանակ դատարան դիմելու, զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կը դիմեն, որովհետեւ իրենց ձեռքին որեւէ փաստաթուղթ չունին ցեղասպանութիւն գործուած ըլլալուն մասին: Տոքթ. Սելվի խօսեցաւ աշխատաժողովի եօթներորդ նիստին ընթացքին եւ գլխաւորաբար ծանրացաւ ամերիկահայերու գործունէութեան վրայ: Հայկական գործունէութեան ներկայիս երկու կեդրոնական վայրերն են Ամերիկեան ու Եւրոպան, եւ հայերը զօրակցութիւն կը ստանան Ամերիկայէն ու Եւրոպական պետութիւններէն: Օսմանեան շրջանին միայն ֆրանսացիներն ու եւրոպական միւս պետութիւնները չէին, որ օգտուեցան օսմանեան շրջանին թուրքերուն դէմ հռչակուած «քափիթիւլասիոն»-ներէն, ամերիկացիներն ալ օգտուեցան, եւ այդ շրջանին դէպի Ամերիկա հայկական գաղթն ալ սկսաւ պարզապէս տնտեսական եւ առեւտրական նպատակներով: Աւելի վերջ յաջող աշակերտներն ալ ուսման համար Ամերիկա ղրկուեցան, ասոնք բարձրագոյն ուսում ստացան բժշկական եւ կրօնական գետիններու վրայ ու անգամ մըն ալ Թուրքիա չվերադարձան:

Փրոֆ. Սելվի անդրադարձաւ նաեւ Օսմանեան շրջանի միսիոնարական շարժումին: Այս միսիոնարները Ամերիկայի մէջ դրամ հաւաքելու համար կը պատմէին, որ հայերը նեղ կացութեան մատնուած են Արեւելեան Անատոլուի մէջ, որովհետեւ անոնք կը գտնուին մահմետականներու ճնշումներուն տակ: Այսպիսի քարոզչութիւններու հետեւանքով է, որ այսօրուան սերունդները հասակ առին թուրքերուն դէմ ատելութեան մթնոլորտին մէջ: Հայերը չունին յստակ փաստաթուղթ, ըստ որոնց ցեղասպանութիւն մը գործուած է: Այս պատճառով է, որ անոնք դատարան չեն դիմեր ու կը դիմեն զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն: Սելվի պնդեց տակաւին, որ Ամերիկայի մէջ հաւաքուած դրամներով գնուած էին զէնքեր, որոնք Մերսինի նաւահանգիստէն Թուրքիա փոխադրուեցան: Այս զէնքերը հայերուն յանձնուեցան ու հայերն ալ սպանդներ իրագործեցին անոնցմով:

Այլ Զեկուցումներ

Փրոֆ. Սելվիի զեկուցումը մէկն էր միայն 75 զեկուցումներէն, որոնք ներկայացուեցան զանազան անձերու կողմէ: Այս գիտաժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Նորվեկիայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Տաճիկիստանէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն եւ Իրանէն 11 օտար ու 69 տեղացի ակադեմականներ: Աշխատաժողովը տեւեց երեք օր եւ վերջացաւ եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ մը, որ կարդացուեցաւ դեսպան Պիլալ Շիմշիրի կողմէ: Շիմշիր կրկնեց, որ Թուրքիա 2005 թուականին Հայաստանին առաջարկած էր Հայկական հարցի քննութեան համար ձեւաւորել պատմաբաններու յանձնախումբ մը: Ան աւելցուց, որ այս յանձնախումբը այսօր ալ կ՛երեւի իբրեւ հարցը լուծելու յարմարագոյն միջոցառում: Թուրքիոյ ու Հայաստանի համաձայնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ Կովկասին համար:

Եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ Հայաստանի հասցէին յանձնարարութիւն մըն ալ կատարուեցաւ: ըսուեցաւ, որ Հայաստան, այսպէս երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ ռազմավարական շահեր ապահովել աշխատելով, կամ պատմական հակամարտութիւններ ստեղծելով, ո՛չ կրնայ նպաստել պատմական ճշմարտութիւններու իմացումին, ո՛չ ալ կրնայ բարեկամութեան վրայ հիմնուած հասարակաց ապագայ մը կերտել:

«Այս տեսակէտէն մեկնելով, մեր փափաքն է մօտիկ ապագայի մը մէջ մէկտեղուիլ, գլխաւորաբար հայաստանցի, նաեւ հարաւային կովկասեան երկիրներու ու աշխարհի միւս երկիրներու գիտնականներուն հետ», ըսուեցաւ եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES