Ութերու Խմբակը Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Յայտարարութիւն Մը Հրապարակեց

Ութ մեծ երկիրներու ղեկավարներու ժողովէն պահ մը

Թրքական «Սամանեոլու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի սուրիական կողմին վրայ սուրիական բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ բախումները կը շարունակուին: Այս իրողութեան լոյսին տակ Սուրիա որոշած է միակողմանի կերպով փակել Պապ Հաուա սահմանակէտը, ուրկէ մուտքն ու ելքը արգիլուած են:

«Սամանեոլու» կը հաղորդէ, որ այս որոշումէն ետք Սուրիա մեկնիլ ուզող թուրքերը, ինչպէս նաեւ հայրենիք վերադառնալ փորձող սուրիացի որոշ գաղթականներ ստիպուած եղած են Թուրքիա վերադառնալ:

Քիլիս քաղաքին մօտ գտնուող սահմանային կէտը միայն կը շարունակէ գործել, սակայն թուրք պաշտօնատարներ կը զգուշացնեն` Սուրիա մեկնիլ միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

Թրքական սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները անհանգիստ են սուրիական կողմէն հնչող հրացանաձգութիւններու ձայներէն:

Միւս կողմէ, Ութերու խմբակի երկիրները Քամփ Տէյվիտի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ հարցին շուրջ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին եւ նշեցին, որ կը շարունակեն ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին զօրակցիլ:

«Մենք սարսափած ենք Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւններու, մարդասիրական ճգնաժամի, մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնահարումներու փաստերով: Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ բոլոր կողմերը պէտք է ամբողջութեամբ կատարեն ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի գործադրութեան ուղղուած իրենց պարտաւորութիւնները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ութերու խմբակի երկիրներու ղեկավարները Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին մարդասիրական կազմակերպութիւններուն Սուրիա մուտքը արտօնելու, ինչպէս նաեւ աջակցելու ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան:

«Մենք խստիւ կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները: Մենք նաեւ մտահոգուած ենք շրջանին մէջ խաղաղութեան սպառնացող վտանգով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ճգնաժամով», ըսուած է որդեգրուած փաստաթուղթին մէջ:

Նշենք, որ Տումայի մէջ ապահովական անցարգելէ 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ պայթում մը տեղի ունեցաւ, մինչ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու ղեկավարը անցարգելին վրայ կը գտնուէր:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահին քրոջը ամուսինը եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարը սպաննուած են, սակայն Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հերքեց լուրը: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Հասան Թուրքմանի իր կարգին հերքեց սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասին կարգ մը լրատուամիջոցներուն հաղորդած լուրերը:

 

Share this Article
CATEGORIES