Ուժգին Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Հիւսիսային Իտալիան
Երէկ առաւօտեան 6 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հիւսիսային Իտալիան: Երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Իտալիոյ ամէնէն հարուստ շրջաններէն Պոլոնիայի եւ Մոտենայի միջեւ:
Երկրաշարժին պատճառով արձանագրուեցան շուրջ 50 վիրաւորներ եւ շրջանին պատմական կառոյցները, ներառեալ` եկեղեցիներ, աշտարակներ եւ 14-րդ դարու դղեակ մը վնասուեցան:
CATEGORIES Միջազգային


