Իրաքի Մէջ Ցուցարարները Թուրքիոյ Դրօշը Այրած Են
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Իրաքի Պասրա քաղաքին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները Թուրքիոյ դրօշը հրկիզած են:
Ցոյցին մասնակցած են մեծամասնութեամբ շիիներով բնակուած քաղաքի տասնեակ մը բնակիչներ, ներառեալ` Պասրայի Աշխատաւորներու միութեան անդամները, պետական պաշտօնեաներ եւ ուսանողներ, որոնք իրենց վրդովմունքը յայտնած են թրքական կառավարութեան դէմ, որ ապաստան տրամադրած է ահաբեկչութիւններու ֆինանսաւորման մէջ մեղադրուող Իրաքի սիւննի նախկին փոխնախագահ Թարիք Հաշիմիին:
Ցոյցի ընթացքին անոնք այրած են Թուրքիոյ դրօշը, ապա հիւպատոսարանի աշխատակիցներուն փոխանցած են նամակ մը, որուն մէջ թրքական կառավարութեան 15 օրուան պայմանաժամ կը տրուի Հաշիմին յանձնելու համար: «Հակառակ պարագային` վտանգի տակ պիտի յայտնուին Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ շահերը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Անոնք նաեւ քննադատած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար:
Իրաքի ներկայ կառավարութիւնը` Նուրի Մալիքիի գլխաւորութեամբ, Թարիք Հաշիմին կը մեղադրէ «մահուան ջոկատներ» ստեղծելու եւ քաղաքական հակառակորդները սպաննելու համար: Անոր եւ իր 73 օգնականներուն դէմ առաջադրուած է շուրջ երեք հարիւր մեղադրանք:

