Եգիպտական Իշխանութիւնները Աղեքսանդրիոյ Մէջ Մեծաքանակ Ծանր Զէնքեր Գրաւեցին

Գրաւուած զինամթերքը

Եգիպտական «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ եգիպտական ապահովական մարմինները Աղեքսանդրիա-Փոր Սայիտ միջազգային մայրուղիին վրայ գրաւեցին երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կը գտնուէին 15 «122կրատ» տիպի հրթիռներ, 122 միլլիմեթրնոց «Կրատ» տիպի հրթիռներու 15 ռազմագլուխներ, 31 հրասանդներ, 16 հակաօդային հրթիռներ, հրթիռները պահելու սնտուկներ եւ դրամներ:

Ապահովական մարմինները ձերբակալեցին նշեալ ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող երեք անհատներ եւ անոնց բնակարանները խուզարկեցին: Խուզարկութեան ընթացքին ամբաստանեալներէն մէկուն բնակարանին մէջ յայտնաբերուեցան 104 հակաօդային հրթիռներ:

Share this Article
CATEGORIES