Ըստ Եգիպտոսի Մէջ Վերջին Հարցախոյզներուն Նախկին Վարչապետ Ահմետ Շաֆիք` Եգիպտոսի Նախագահութեան Յառաջատար Թեկնածու

Ահմետ Շաֆիք

Եգիպտական «Շուրուք» անկախ օրաթերթին կատարած հարցախոյզին համաձայն, Եգիպտոսի նախկին վարչապետ Ահմետ Շաֆիք յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան յառաջատար թեկնածուն է:

Ըստ հարցախոյզին, Շաֆիք շաբթուան վերջաւորութեան նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին քուէներուն 15.8 առ հարիւրը պիտի ապահովէ, իսկ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա` 15.1 առ հարիւրը, Իսլամ եղբայրներու վարչական խորհուրդի նախկին անդամ դոկտ.Ապտել Մընհեմ Ապուլ ֆութուհ` 13.2 առ հարիւրը, նասերական Համտին Սուպահի` 12.3 առ հարիւրը, իսկ Իսլամ եղբայրներու թեկնածու Մոհամետ Մուրսի` 9.5 առ հարիւրը:

Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուաւ, որ ընտրողներուն 29.8 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Հարցախոյզին մասնակցած են Եգիպտոսի տարբեր նահանգներէն պատահական 1185 անձեր: Հարցախոյզը տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութեան ճամբով:

Share this Article
CATEGORIES