Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Դռնփակ Հանդիպում Մը Ունեցած Են
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Շիքակոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին հանդիպում մը ունեցած են:
Հանդիպումին ընթացքին երկու նախագահները քննարկած են տարբեր մարզերու մէջ Վրաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը: Քննարկուած են նաեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ծրագիրները:
Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները լարուած էին երկու երկիրներու սահմանին վրայ գտնուող վիճայարոյց Դաւիթ Կարեճիի վանական համալիրին պատճառով, որմէ ետք երկու կողմերը ամրապնդած էին սահմանային հսկողութիւնը:
«Թրենտ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարած է սակայն, որ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ որեւէ վիճելի հարց չկայ:
«Վանական համալիրին հետ կապուած հարցերը պիտի քննարկուին ստեղծուած միացեալ աշխատանքային խմբակին մէջ, իսկ սահմանազատման հոլովոյթը սովորական իրաւական հարց է», ըսած է ան:
Այդ հարցը ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկեն նաեւ Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները:


