Հակառակորդին Կողմէ Անցեալ Շաբաթ Արձակուած Է Աւելի Քան 1600 Կրակոց

Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 300 անգամ, որուն ընթացքին` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1600 կրակոց:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ բանակի յառաջապահ զօրամասերը յատկապէս ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ մարտագիծի ամբողջ երկարութեամբ վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւն:

Share this Article
CATEGORIES