Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՆԱՇՐԱ» լրատուական կայքէջը երէկ երեկոյեան, ապահովական աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնները ձերբակալած են երկու զինեալներ, որոնք երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի բնակարանին մօտ ճերմակ «Թոյոթա» տիպի ճիփի մը մէջ կազմ ու պատրաստ կը սպասէին: Անոնց մօտ գտնուած են պատերազմական զէնքեր:
«ԺԱՏԻՏ» կայանը յայտնեց, որ իր լրատուական խմբակը հրմշտուկի եւ նեղութեան ենթարկուած է երէկ` Հիւսիսի դէպքերուն ընթացքին:
ԱԽՊԱՐ օրաթերթի աշխատակիցներէն Ղասսան Սէուտ յայտնեց, որ սպառնալիքներ ստացած է երեսփոխան Խալէտ Տահերէն, վերջինիս մասին իր գրած մէկ նիւթին պատճառով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սուզորդները երէկ յաջողեցան փրկել Ֆատի Մանսուրն ու անոր կինը` Տարինը եւ երրորդ մը, երբ անոնք կ՛ուղղուէին դէպի Կիպրոս, սակայն Նահր Իպրահիմի մերձակայքը անակնկալօրէն խանգարուած էր անոնց նաւակը:
ՎԵՑ վիրաւորներ արձանագրուեցան երէկ ուշ գիշերին Պէյրութի արաբական համալսարանին` Թարիք Ժտիտէի մէջ պատահած զինեալ բախումի մը ընթացքին, երբ երկու տեղական կազմակերպութեանց զինեալներ անձնական վէճով փոխադարձ զինարձակումներ կատարեցին:

