Արաբական Կարգ Մը Երկիրներ Կոչ Կ՛Ուղղեն Իրենց Հպատակներուն Հեռանալու Լիբանանէն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար եւ Պահրէյն շաբաթավերջին կոչ ուղղեցին Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիներուն հեռանալու Լիբանանէն եւ անհրաժեշտ պարագային կապ պահելու իրենց դեսպանատուներուն հետ:

Վարչապետ Միքաթի փութաց անմիջական կապի մէջ մտնել տեղական թէ դիւանագիտական պատկան մարմիններու, յատկապէս` արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ` կոչ ուղղելով անոր հետապնդելու այս հարցը:

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ Քաթար կը գտնուէր, իր կարգին կապի մէջ մտաւ Քաթարի պատկան իշխանութեանց հետ` յայտնելով, որ անոնք խոստացած են մօտերս վերատեսութեան ենթարկել իրենց այդ որոշումը:

Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ ցաւ յայտնեց այս որոշումին համար` յայտնելով, որ նշեալ երկիրներէն զբօսաշրջիկներու թիւը Լիբանանի մէջ 5 առ հարիւր համեմատութիւն կը կազմէ: «Այդ որոշումը կը միտի քաղաքական ճնշում բանեցնել Լիբանանի վրայ` փոխելու համար իր կեցուածքը շրջանային որոշ հարցերու գծով», ընդգծեց նախարար Ֆատի Ապպուտ:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին ցաւ յայտնեց արաբական ադ երկիրներու որոշումին համար` ընդգծելով, որ Լիբանան լոյսի եւ խաղաղութեան երկիր է: Ան մաղթեց, որ այս հարցը շուտով հարթուի:

 

Share this Article
CATEGORIES