Շէյխ Ապտել Ուահետի Սպանութեան Դէպքը Բռնկեցուց Երկրին Մէջ Տիրող Լարուած Մթնոլորտը

Աքքարի մէջ անիւներու հրկիզում

Հիւսիսային Լիբանանի Քուէյխաթ շրջանի դէպքը երէկ առանցքը կազմեց երկրի անցուդարձերուն` իր վրայ կեդրոնացնելով ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ լիբանանեան թէ արտաքին հանրային կարծիքը կը հետեւէր Թրիփոլիի վերջին իրադարձութեանց ու յատկապէս` Շատի Մաուլաուիի եւ իսլամական արգելափակեալներու ազատ արձակման պահանջներուն եւ ճիգերուն` Քուէյխաթի դէպքը եկաւ բռնկեցնելու առանց այդ ալ Հիւսիսի լարուած վիճակը:

Դէպքին մանրամասնութեանց մէջ, երբ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետ երկու ինքնաշարժներէ բաղկացած ութ ընկերակիցներով երէկ առաւօտ կ՛ուղղուէր դէպի Աքքար` մասնակցելու երեսփոխան Խալետ Տահերի հետեւորդներուն կազմակերպած ձեռնարկին, զինեալ միջադէպի հանդիպեցաւ բանակի անցարգելին մօտ եւ սպաննուեցաւ բանակի տարրերէն արձակուած փամփուշտներով:

Սպաննուած շէյխին ինքնաշարժը

Շէյխ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցներէն` շէյխ Մոհամէտ Հիւսէյն Մըրհեպի սպանութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ եւ զինեալներ փութացին բողոքի ելոյթներով ճամբաներու փակման` պահանջելով դէպքին պատասխանատու բանակային տարրերու յանձնումը: Իրենց կարգին, շրջանի պատկան ղեկավարներ ու անձնաւորութիւններ արձագանգեցին դէպքին, որ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին առանցքը կազմեց երկրի պատասխանատու մարմիններու խորհրդակցութեանց:

Իրարմէ քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեամբ կայացած` սուրիական Ղովմի կուսակցութեան եւ երեսփոխան Խալետ Տահերի հետեւորդներու կազմակերպած հաւաքներուն ընթացքին Քուէյխաթի մէջ պատահած սպանութեան նշեալ դէպքը պատճառ դարձաւ, որ երեսփոխան Տահեր ընդհատէ հաւաքը: Ան բուռն կերպով դատապարտեց շէյխ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին սպանութիւնը` ուղղակիօրէն դատապարտելով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին եւ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնները` նշելով, որ «նախապէս այս ուղղութեամբ սպառնալիքներ հասած են իրենց բանակի սպաներէն»: Տահեր շեշտեց, որ սպանութեան դէպքը դիտումնաւոր էր եւ թէ անիկա «դիւրին պիտի չանցնի»: «Նահատակ շէյխին եւ անոր ընկերակիցին արեան գինը սուղ պիտի վճարեն անոնք», շարունակեց երեսփոխան Խալետ Տահեր` ակնարկելով բանակին եւ աւելցուց. «Չենք ուզեր բանակային տարրեր կամ անոնց անցարգելները տեսնել Աքքարի մէջ, մինչեւ դէպքին պատասխանատու սպային եւ անոր զինուորներուն յանձնումը: Կը պահանջենք, որ ներքին ապահովութեան ուժեր ստանձնեն շրջանի ապահովութիւնը»: Տահեր նշեց, որ Աքքարի շրջանը ներկայիս «կ՛եռայ», եւ բոլոր «անկեղծներէն» պահանջեց հետապնդել իրենց իրաւունքը, այլապէս` «մենք մեր ձեռքով պիտի առնենք մեր իրաւունքը», շեշտեց ան:

Նախագահ Միշէլ Սլէյման ցաւ յայտնեց Քուէյխաթի մէջ շէյխ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին սպանութեան համար: Ան դրուատեց լիբանանեան բանակն ու անոր դերակատարութիւնը` ապահովութեան ամրապնդման գծով ու գոհունակութիւն յայտնեց այս գծով լիբանանեան բանակէն հետաքննութեան յատուկ յանձնախումբի մը կազմութեան համար:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական ժողովի մը` մասնակցութեամբ ներքին գործոց, պաշտպանութեան, արդարութեան նախարարներուն, բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու:

Ժողովի աւարտին Միքաթի յայտնեց, որ ինք երեկոյեան աւելի հանգիստ կը զգայ, քան առաւօտեան վախազդու մթնոլորտին ժամանակ` շեշտելով, որ բացի լիբանանեան բանակէն ուրիշ որեւէ բանակի Աքքար մուտքը մերժուած է: Վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ ազատութիւնը Լիբանանի էութիւնն է, եւ դրուատեց մամուլին դերը` դիտել տալով, որ «բոլորիս շահերն ու հաշիւները ի նպաստ եւ յօգուտ Լիբանանի են»:

Այս ժողովին որոշուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը կազմել` հետաքննութեան ենթարկելու համար Քուէյխաթի դէպքին մանրամասնութիւններն ու որոշելու պատասխանատու յանցագործները:

Նախքան այդ ու իր կարգին, լիբանանեան բանակը յատուկ հաղորդագրութեամբ ցաւ յայտնեց դէպքին համար` նշելով, որ յանձնախումբ մը կազմուած է ու քննութիւն բացուած է դէպքին շուրջ:

Դէպքէն անմիջապէս ետք, Աքքարի երեսփոխաններն ու շրջանի շէյխերը արտակարգ նիստ մը գումարելով խորհրդակցեցան դէպքին մանրամասնութեանց շուրջ: Հանդիպումի աւարտին երեսփոխաններ Խալետ Տահեր եւ Մույին Մերեհպի ժողովականներուն անունով ինքնազսպումի կոչ ուղղեցին` յայտնելով, որ ընդդիմութեան երեսփոխանները պիտի պահանջեն խորհրդարանական յանձնախումբի մը կազմութիւնը` հետաքննութիւն բանալու համար դէպքին շուրջ:

Պէյրութի մէջ անիւներու հրկիզում

Աքքարի Իսլամական վաքըֆներու վարչութիւնը իր կարգին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն աւարտին Աքքարի միւֆթի շէյխ Ուսամա Ռաֆիհի կոչ ուղղեց ընդհանուր գործադուլի ամբողջ Լիբանանի տարածքին` դէպքը նկատելով վտանգաւոր նախընթաց մը, եւ պահանջեց անմիջական հետաքննութիւն բանալ դէպքին շուրջ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի միւֆթիներու ընդհանուր արտակարգ ժողովի հրաւիրեց` եռօրեայ սուգ յայտարարելով Լիբանանի միւֆթիներու կեդրոններու եւ յարակից հաստատութեանց մէջ:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց զինուորական հետաքննիչ չէզոք յանձնախումբի մը կազմութեան, որուն մաս կազմեն բոլոր կողմերէն չէզոք տարրեր: «Շէյխ Ահմետի սպանութիւնը արդեօք ի նպաստ բանակի՞ն է», հարց տուաւ Ֆրենժիէ` նշելով, որ «ոմանք կ՛ուզեն նեղ կացութեան մատնել բանակը»:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը եւս ամերկեան Մեսուրի նահանգէն ցաւ յայտնեց Քուէյխաթի դէպքին համար` ինքնազսպումի եւ հանդարտութեան կոչ ուղղելով: «Պէտք է մէկ կողմ դնենք զէնքը, որովհետեւ անիկա ոչ մէկ ատեն լուծում բերած է հարցերուն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կապի մէջ մտաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` դատապարտելով Քուէյխաթի դէպքը եւ կոչ ուղղելով Աքքարի բնակչութեան` ինքնազսպումի եւ աչալրջութեան, խուսափելու համար ծուղակի մէջ իյնալէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը երէկ գիշեր հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ կը մասնակցի այսօրուան ընդհանուր գործադուլին:

Ո՞Վ Է Շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետ

Սպաննուած շէյխին գլխարկը եւ արեան հետքերը

1969-ի ծնունդ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետ ծնած է Լիբանանի մէջ եւ իր ուսումը աւարտելէ ետք ստանձնած է հոգեւոր շէյխի պաշտօնը: Ան հիմնած է «Նուր» իսլամական ձրիավարժ դպրոցը: Ըստ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, ան եղած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ջերմ հետեւորդներէն: 2005-ին Հարիրիի սպանութենէն ետք շէյխ Ապտել Ուահետ դարձած է երեսփոխան Խալետ Տահերի համակիրներէն: Դարձեալ ըստ նոյն աղբիւրին, ան նախընթացներ ունէր բանակին դէմ կատարուած յարձակումներու դէպքերուն մէջ: Երկու ինքնաշարժներուն մէջ կային «Էմ. 4» տիպի զէնքեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES