Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ Տուպլէ Մը Իրագործեց
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը երէկ իրարու դէմ հանեց Լիբանանի ախոյեան Անդրանիկ Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ Անդրանիկ Պէյրութի յաղթանակով` 66-54 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-19, 19-12, 20-11 եւ 14-12:
ՀՄԸՄ-էն Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 16 կէտ, Սանտրա Նաժըմ` 12, իսկ Լէյլա Ֆարես` 9:
Այսպիսով, Անդրանիկ Պէյրութ տարեշրջանը աւարտեց տուպլէ մը իրագործելով` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթ տիրացած էր ախոյեանութեան տիտղոսին, երբ աւարտականի անոր մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութ, երեք անգամ դաշտ չէր ներկայացած, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ Անդրանիկ իր յաղթանակը արձանագրէ 3-0 արդիւնքով:
Անդրանիկ – ՀՄԸՄ մրցումին աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոպեր Ապի Ապտալլա տիտղոսը յանձնեց Անդրանիկի խմբապետ Շատա Նասըրի, ոսկի մետալները` անոր խմբակիցներուն, իսկ արծաթ մետալները` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներուն:


