Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան շաբաթ, 19 մայիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 75-45 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թատամոն Զուքը:

Հակառակ անոր որ մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 36-30 արդիւնքով կը յառաջանար, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, հետզհետէ մրցումը իրենց տիրապետութեան տակ առնելով տարին վեջնական յաղթանակը:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռըսոլ մրցումին, անիկա յետաձգուեցաւ:

Նշենք, որ վաղը տեղի պիտի ունենան 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն երեքը:

Share this Article
CATEGORIES