Ցաւակցագիր
Համազգայինի Լիբանանի մեծ ընտանիքը կու գայ իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելու հանգուցեալ Ֆելիքս Յարութիւնեանի ընտանիքին ու բարեկամներուն:
Յարութիւնեան Համազգայինի պարարուեստի կեանքի աշխուժացման մէջ ունեցած է 18-ամեայ նուիրական գործունէութիւն, որուն տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ պարող երիտասարդներ պատրաստած է ոչ միայն Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, այլեւ` գաղութին եւ Լիբանանի հասարակութեան համար:
Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան Լիբանանի մէջ իր ներկայութեամբ հանդիսացած է հայրենիքի պարարուեստի դեսպանը, որուն ճիգերով նշեալ մարզին մէջ էապէս ամրապնդուած են Հայաստան-սփիւռք կապերը եւ եղած են փոխադարձ գործակցութիւն:
Յիշատակդ անմար մնայ, մեր սիրելի՛ պարուսոյց: Յարգա՛նք քեզ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

