«Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճ. Դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեան Իր Բարձրորակ Կատարումով Արժանացաւ Ներկաներու Գնահատանքին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հաղորդակցութիւններու գրասենեակին, երէկ` կիրակի, 20 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակի ելոյթ` կատարողութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանին, ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան:
Ձեռնարկին սկզբնաւորութեան, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Համազգայինի «Քնար» պարախումբի բազմամեայ վաստակաշատ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանին, որ հիւանդութեան պատճառով մահացած էր 19 մայիսին:
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» քոլեճի շրջանաւարտ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեան ելոյթին սկսաւ Պախի ստեղծագործութիւններու կատարումով: Ապա ան նուագեց Շոփենէն եւ Շումենէն հատուածներ, որոնց յաջորդեց ջութակահար Արմէն ճենտերեճեանի ընկերակցութեամբ Փականիի մէկ ստեղծագործութեան կատարումը: Ելոյթի առաջին բաժինը աւարտեցաւ Տեպուսիի «Մանկական անկիւն» ստեղծագործութիւններու ներկայացումով:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինով Արթինեան նուագեց Կոմիտասի Մարալի եւ Շուշիկի պարերը, Պապաճանեանի «Էլեկի»-ն, ինչպէս նաեւ Կուրճիեֆէն եւ Միրզոյեանէն ստեղծագործութիւններ:
Դաշնակի իւրայատուկ երեկոն Արթինեանի արհեստավարժ եւ որակաւոր կատարումով արժանացաւ երաժշտասէր հասարակութեան գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:


