50 Տարի Առաջ ( 22 մայիս 1962 )

Կեանքը Շթորայի Մէջ

18 մայիս, ուրբաթ ժամը 2:00-էն ետք Աղբալեան վարժարան այցելեցին Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան եւ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան վարիչ քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեան, Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, Յովհաննէս Պուրսալեան:

Տաղանդ է հարկաւոր հասկնալու համար հոգեւոր արժէքները: Աղբալեան հոգեւոր արժէքները գնահատողներն են, որ երբեմն շատ հեռուներէն եւ մօտերէն այցելութեան կու գան հոս:

Աշակերտուհի Սեդա Պոյաճեան բարի գալուստի ուղերձ մը կարդաց` բարեմաղթութիւններ ընելով վեհափառ կաթողիկոսին, առաջնորդ հօր, Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթական գործին նուիրուած հայ ազգայիններուն եւ ներկաներուն:

Ծաղկեփունջեր տրուեցան առաջնորդին եւ Բ. Կռանեանին:

Փոքրիկները իրենց շնորհքը ցոյց տուին հայերէն եւ արաբերէն արտասանութիւններով եւ երգերով` ստեղծելով հաճելի ժամանց մը:

Սրբազան հայրը եւ ներկաները հետաքրքրուեցան փոքրիկներուն կրթական գործով:

Եղան օգտաշատ թելադրութիւններ` ամէն գնով այս վարժարանը պահելու անհրաժեշտութեան մասին: Լուսանկարուեցան ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ: Լուսանկարեցին նաեւ վարժարանը եւ Աղբալեանի բնակարանը: Յարգելի հիւրերը ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան Այնճար:

 Գ. Գ. Գ.

1962, մայիս 19
Շթորա

«Սիամանթօ Եւ Խեչեզարէ»-ի
Ներկայացումը
Պուրճ Համուտի Մէջ

Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային երկսեռ վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի «Սիամանթօ եւ Խեչեզարէ» պոէմին ներկայացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 19 մայիս 1962, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պուրճ  Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ:

Սեդրակ Էսմերեանի բեմադրութեամբ եւ գրեթէ շրջանաւարտներու խաղարկութեամբ տրուած այս ներկայացումը կարելի է սեպել գոհացուցիչ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ դիւրին ներկայացուելիք գործ մը չէր` նկատի ունենալով պոէմին նիւթը, երգերը, եւ ամբողջական արտասանութիւնը բնագրային հարազատութեամբ բծախնդիր եւ երկարատեւ փորձերու կը կարօտէր: Բացորոշ էր, որ կարճ ժամանակի մը մէջ պատրաստուած էր:

Յամենայն դէպս կը գնահատենք Ս. Քառասնից Մանկանց երկսեռ վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր, առաջին անգամ ըլլալով բեմի վրայ ներկայացնելու Յովհաննէս Շիրազի այս գլուխ գործոցը:

Բոլոր դերակատարներն ալ շնորհաւորելի են, քանի որ բեմական իրենց նախաքայլերուն մէջ, կրցան այս գործը գոհացուցիչ կերպով ներկայացնել:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES