Հայ Աւետարանական Քոլեճի Յաջող Հայկական Տոհմիկ Օրը
Հայ ազգային աւանդութիւններու եւ հայրենակցական գիտակցութեան պահպանման միտող հարուստ յայտագիր մը գործադրուեցաւ շաբաթ, 12 մայիս 2012-ի յետմիջօրէին, Հայ աւետարանական քոլեճի շրջափակին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն ձեռնարկը սկսաւ Հայ մարմնամարզական միութեան փողերախումբին խրոխտ հնչիւններով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն կատարումով: Օրուան հանդիսավարն էր դպրոցի ուսուցիչներէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ ողջունեց Լիբանանի բոլոր շրջանակներուն մասնակցութիւնը այս յայտագիրին եւ սոյն ձեռնարկը բնութագրեց իբրեւ ամբողջացումը ՀԱՔ-ի ազգային կրթա-դաստիարակչական առաքելութեան:
Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ Հայ աւետարանական քոլեճը, որ իր 90-ամեակի սեմին է, իր ջամբած հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ բարձրորակ ուսման ծրագրի կողքին հինէն ի վեր հանդէս եկած է արտադպրոցական մեծ ձեռնարկներով: Քաջալերուած «Հայ մշակոյթի օր»-ի (2006) եւ «Միջազգային օր»-ի (2009) արձանագրած յաջողութենէն` հրապարակ կու գայ «Հայկական տոհմիկ օր»-ով: «Հայկական տոհմիկ օր»-ը կը նպատակադրէ մեր նոր սերունդին մէջ մասնաւորաբար եւ հայ հանրութեան մէջ ընդհանրապէս մեր պապենական կորուսեալ ու բռնագրաւեալ հողերու, անոնց երբեմնի շէն ու հայկականութեամբ առլցուն քաղաքներու ու շրջաններու մասին ծանօթութիւն, գիտակցութիւն, սէր եւ պահանջատիրական զգացում արթնցնելու:
Առաջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան սենեկային նուագախումբը` ղեկավարութեամբ վարժարանի շրջանաւարտներէն Կարօ Աւեսեանի: Նուագախումբը նուագեց Կոմիտաս-Ասլամազեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ դասական երաժշտութեան կտորներ:
Մեծաւ մասամբ 20 պատանիներէ բաղկացած սոյն նուագախումբը ցուցաբերեց մասնագիտական մօտեցում, որ բոլոր ներկաներէն արժանացաւ ջերմ գնահատանքի:
Ապա մէջընդմէջ բեմ բարձրացան Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան «Արին» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Գայեանէ Մածունեան) եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Սիփան» պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Գարինա Ալեքսանդրեան): «Արին»-ը ներկայացուց «Էլեգիա» եւ «Խիօ, խիօ» պարերը, իսկ «Սիփան»-ը` «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Հարսանեկան», «Հարսանիք ենք անելու» եւ «Մենք ենք մեր սարերը» պարերը: Զոյգ պարախումբերուն մերթ հեզաճկուն, մերթ խրոխտ ու մերթ զուարթ կատարումները արժանացան ներկայ հայ ու օտար հանդիսատեսին թունդ ծափերուն:
Յայտագրին երրորդ բաժինը յատկացուած էր ազգային-աւանդական տարազներու ցուցադրութեան: Մասնակից հայրենակցական միութիւններուն կողմէ տրամադրուած սոյն տարազները հագած էին ու ցուցադրեցին ՀԱՔ-ի աշակերտները: Մինչ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ կը կարդար իւրաքանչիւր շրջանին մասին, հերթաբար բեմ բարձրացան Այնթապի, Ատանայի, Բալուի, Երեւանի, Զէյթունի, Խարբերդի, Կեսարիոյ, Հաճընի, Արցախի, Մարաշի, Մուսա լերան, Պերեճիկի, Սասնայ եւ Տիգրանակերտի տարազները հագած պարմանի-պարմանուհիներ:
«Վերականգնիր Կիլիկիա» երգին կշռոյթին տակ մեր ազգային արժէքներուն նախանձախնդիր պատանիներուն ելոյթը արժանացաւ մեծ գնահատանքի:
Գեղարուեստական բաժնի աւարտին «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան պատասխանատու կազմակերպիչ Յասմիկ Տեմիրճեան դպրոցի տնօրէնին ձեռամբ ստացաւ ծաղկեփունջ մը` առ ի գնահատանք իր տքնաջան աշխատանքին:
Հուսկ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն: Մասնակից հայրենակցական միութիւններու կազմակերպութեամբ, 500-ի հասնող բոլոր ներկաներուն հրամցուեցան մեր պատմական հայրենիքին համն ու բոյրը իրենց մէջ կրող ազգային ուտեստներ:

