ՀԿՀՄ-ի Կազմակերպութեամբ Միջդպրոցական Զարգացման Մրցում

Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբը, 2012 տարուան իր ծրագիրներու ծիրին մէջ կազմակերպեց միջդպրոցական զարգացման մրցում մը, որուն համար նախաձեռնութիւնը առած էր պատրաստելու գրքոյկ մը, որ կ’ընդգրկէր իրենց կատարած ստեղծագործութիւններով միջազգային ճանաչում ստացած հայ ականաւոր դէմքեր:

Արդարեւ, շաբաթ, 12 մայիս 2012, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ՀԿՄ-ի Էշրեֆիէի ակումբին մէջ հաւաքուած էին լիբանանահայ երկրորդական 7 վարժարաններու (ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան, Հայ կաթ. Գ. Հարպոյեան վարժարան, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթ. Մեսրոպեան վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն 4-ական աշակերտներ, որոնք 1,5 ժամուան ընթացքին պատասխանեցին այդ գրքոյկին ընդմէջէն իրենց սերտած, սորված եւ գաղափար կազմած հարցումներուն:

Դատական կազմի երեք անդամները, խմբակներուն տուած պատասխանները ստուգելէ եւ սրբագրելէ ետք, յայտարարուեցան արդիւնքները: Առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը, երկրորդ դիրք` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, իսկ երրորդ` Հայ աւետարանական քոլեճը:

Բոլոր մասնակիցները ստացան մասնակցութեան վկայագրեր, իսկ շահող խմբակը վկայագիրի կողքին ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը` ձեռամբ  Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի: Նշենք, որ շահող վարժարանը պիտի ստանայ նաեւ 800 ամ. տոլարի գումար մը, որ որպէս կրթանպաստ հաւասարապէս պիտի բաժնուի վարժարանը ներկայացնող 4 աշակերտներուն կրթաթոշակին հաշուոյն:

ՀԿՀՄ-ի այս ծրագիրը կը միտէր հայ աշակերտին տալ աշխարհահամբաւ հայերուն ծանօթանալու առիթը, մաղթելով, որ անոնք ալ իրենց կարգին այս հպարտալից տեղեկութիւնները սորվելէ ետք կը փոխանցեն նաեւ իրենց հասակակիցներուն:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES