Ընթրիք-Կալա Ի Պատիւ Գ. Հարպոյեան Վարժարանի Հիմնադրութեան 25-Ամեակին

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, ուրբաթ, 11 մայիս 2012-ի երեկոյեան «Հիլթըն Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-կալա մը:

Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Ղազարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, շեշտը դրաւ դպրոց հասկացողութեան վրայ եւ անդրադարձաւ  Հարպոյեան վարժարանին մէջ աշակերտը ուսուցանելու, զայն զարգացնելու եւ յաջողութեան դուռերը հասցնելու հրամայականին`  այս իմաստով ազգակերտ արարք համարելով հայ դպրոցը վառ պահելու նպատակով բացուած քսակները:

Ցուցադրուեցաւ այս առիթով պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր ներկայացուեցաւ ակնարկ մը` վարժարանին 25-ամեայ պատմութեան մասին:

Տեսերիզը կ՛ընդգրկէր վարժարանի պատկան մարմիններուն եւ ուսուցչական կազմի անդամներուն վկայութիւնը` վարժարանին որդեգրած ուղեգիծին, ուսուցման մեթոտներուն եւ եկեղեցի-դպրոց անքակտելի կապին առկայութեան:

Վարժարանիս տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով խօսք առնելով` լուսարձակի տակ առաւ անհրաժեշտութիւնը հայ վարժարանին ընդհանրապէս եւ Գ. Հարպոյեան վարժարանին մասնաւորապէս, ուր ուսման կողքին հայ աշակերտին մէջ կը թրծուին հայեցի դաստիարակութիւնն ու քրիստոնէական հաւատամքը: Ան նաեւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց լիբանանեան տնտեսական դժուարին իրավիճակը եւ կառավարութեան վաւերացուցած չսերտուած յաւելումներու երեւոյթը, որուն պատճառով այսօր հայ կրթօճախը պէտք ունի նուիրական ազգայիններու բարոյական ու նիւթական աջակցութեան` կարենալու համար գոյատեւել ու շարունակել սփիւռքի մէջ մարդակերտման ու հայակերտման իր վսեմ առաքելութիւնը:

Երեկոյթին ընթացքին աշուղական երգերով ելոյթ ունեցաւ նոյն առիթով վարժարանին հրաւէրով Լիբանան գտնուող հայրենի արուեստագէտ Սէյրան Աւագեան, որ անգամ մը եւս հաճելի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար: Ապա Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին ձեռամբ Ռ. Պոյաճեան յուշանուէրով պատուեց սոյն ձեռնարկին ներկայ` վարժարանին բազմավաստակ տնօրէններէն Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը եւ Զուարթ Նաճարեանը, ինչպէս նաեւ` արուեստագէտ Սէյրան Աւագեանը:

Վարժարանին աշակերտութիւնը իր բաժինը բերաւ այս ձեռնարկին` ներկայացնելով հայկական պար մը, զուգերգ մը եւ արաբերէն մեներգ մը: Ապա անոնք շրջեցան ներկաներուն մէջ եւ ստանձնեցին անոնց կատարած սրտաբուխ նուիրատուութեան պահարանները:

Share this Article
CATEGORIES