Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Աւարտական Աշակերտներու Ամավերջի Հանդէս
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ շրջանաւարտները տքնեցան տարիներ շարունակ եւ անոնք շուտով պիտի անդրադառնան, որ իրենց ձեռք բերածը տքնանքին վերջը չէր, այլ նոր սկիզբ մը` աւելի լուրջ եւ աւելի պատասխանատու աշխատանքի:
Տնօրէնը ըսաւ. «Մենք մեր արձանագրած նուաճումներով` թիւի աճով, կազմակերպուածութեամբ, պետական քննութիւններու յաջողութիւններով ու ազգային դաստիարակութեամբ չենք բաւարարուած եւ պիտի չբաւարարուինք, որովհետեւ մեր ձգտումներուն երազները սահման չունին»: Կրեկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով թիկունք կը կանգնին վարժարանին:
Նայիրի Սգայեան ասմունքեց «Վերջին զանգ»-ը, որուն յաջորդեց շրջանաւարտ Լորի Եթերեանին հայերէն խօսքը: Եթերեան նշեց, թէ շրջանաւարտները ապագային դժուարութիւնները պիտի յաղթահարեն, քանի որ վարժարանին մէջ անոնք զինուած են գիտութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ անվախութեամբ: Եթերեան ըսաւ. «Մեր ծառը (դպրոցը) կանգուն է եւ բոլոր մրրիկներուն դիմաց պիտի մնայ վեհ ու խիզախ: Մեր ծառը նոր թռչուններու ամուր եւ վստահելի բոյնն է, ուրկէ անոնք երամ-երամ պիտի անցնին եւ հպարտօրէն պիտի ըսեն, որ իրենք ալ մեսրոպեանական են»:
«Ղարաբաղցին» երգի խմբային կատարումին յաջորդեց շրջանաւարտներու արաբերէն խօսքը, որ ներկայացուց Ռիթա Պօղոսեան: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ աշակերտները ստացան արժէքներ, որոնք առյաւէտ պիտի մնան: Պօղոսեան նշեց, որ Մեսրոպեանի յիշատակները իրենց մտքերուն մէջ պիտի մնան թարմ: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան գիտութեան յեղափոխութեամբ կը վերադառնայ իր անցեալի փայլուն օրերուն:
Իսկ հայկական պարի մը ներկայացումէն ետք ֆրանսերէնով խօսք առաւ Նուարդ Օհաննէսեան, որ շեշտեց, թէ Մեսրոպեանի վերջին տարին տարբեր էր մնացեալ տարիներէն, երբ շրջանաւարտները միասնաբար անցուցին ուրախութեան եւ տխրութեան պահեր, որոնց շնորհիւ զօրացաւ ինքնակառավարման սկզբունքն ու վճռակամութիւնը, որոնց շնորհիւ պիտի չյանձնուին, այլ դէմ պիտի կանգնին բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն:
Սառա Սարաֆեան եւ Մեղեդի Մսըրեան ներկայացուցին Ուիլիըմ Սարոյեանի մտածումներէն հատուած մը, որմէ ետք անգլերէնով խօսք առաւ Նայիրի Սգայեան, որ նշեց, թէ Մեսրոպեանի մէջ ուսուցիչները ե՛ւ բարեկամներ էին, ե՛ւ ծնողներ, ե՛ւ առաջնորդներ: Ան ըսաւ, որ ուսուցումը աստուածատուր շնորհք է, որովհետեւ ուսուցիչները նոր սերունդներ կը պատրաստեն: Սգայեան հաստատեց, որ շրջանաւարտները ապագայի յոյսերն են:
Մնջախաղի իւրայատուկ ներկայացումով եւ Սինթիա Արաբկիրլեանի կողմէ «Եա Պէյրութ» երգի կատարումով շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Օրուան պատգամը փոխանցեց հայր Պութրոս Ազար, որ շեշտեց, թէ Համբարձման օրը այս հանդիսութիւնը կազմակերպելը էապէս ունի քրիստոնէական իր յատուկ նշանակութիւնը: Հայր Ազար նշեց, թէ հայութիւնը իր արմատներուն կառչելով եւ Լիբանանին ծառայելով` էապէս կը կատարէ իր ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւնները: Լիբանանի դպրոցներու վիճակին մասին խօսելով` Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ պէտք է այդ մարզին մէջ մեծ բարեկարգումներ եւ փոփոխութիւններ կատարուին: Հայր Ազար շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ պէտք է պայքարին` ի խնդիր իրենց իրաւունքներուն եւ խաւարին դէմ:
Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ խառն պարերու կատարումով, որմէ ետք խումբ մը շրջանաւարտներ երգեցին «Պատերազմ ենք գնում» երգը: Ապա ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներու` վարժարանի օրերուն նուիրուած տեսերիզ մը:
Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի վահան»-ի փոխանցումին յաջորդեց «Վերջին զանգ» խմբերգին հաւաքական կատարումը, որմէ ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը: Նշենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը երրորդ տարին ըլլալով աւարտական դասարանի գիտական եւ գրական բաժիններու բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտներուն կը նուիրէ նիւթական պարգեւներ:
Իր կարգին, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Դուք բարիքներով եւ գիտութեամբ պիտի երթաք դէպի նոր աշխարհ: Կ՛երթաք մեծ երազներով, բայց մի՛ մոռնաք, որ կեանքը փորձառութիւններու դպրոց է»: Հայր Թէյրուզեան կոչ ուղղեց պահպանելու լեզուն, եկեղեցին, հայրենիքը, աւանդութիւններն ու Մեսրոպեան վարժարանը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում:

